2014-07-28 12:30:31

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը ի լուր կարտինալ Մարքիզանոյի մահուան։


Կարտինալ Ֆրանչէսքօ Մարքիզանոյի մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է ննջեցեալի ծննդավայր` Թորինօ քաղաքի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Չէզարէ Նոզիլիային, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ կղերին, հաւատացեալներուն եւ կարտինալի ազգականներուն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծած է ննջեցեալ ծիրանաւորին նուիրական ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն ու հեռագիրը եզրափակած է աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի անոր հոգին ընդունի մշտնջենաւոր խաղաղութեան մէջ։ Յայտնենք թէ Իտալացի կարտինալ Ֆրանչէսքօ Մարքիզանոն իր մահկանացուն կնքեց հռոմի մէջ, կիրակի 27 յուլիս 2014-ին, 85 տարեկանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.