2014-07-28 08:46:39

Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար՝Ճէյսըն Քենի այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենի՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպան Հելարի Չայլտս Ատամին եւ քանատական դեսպանատուն աշխատակիցներու, ուրբաթ, 26 յուլիս 2014-ին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան:
Նախարար Ճէյսըն Քենի գնահատանքով արտայայտուեցաւ Քանատայի հայ համայնքի մասին ու յայտնեց, թէ ինք կը յարգէ հայ կաթողիկէ համայնքը եւ ծանօթ է Քանատայի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն:
Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց առաւելաբար Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութիւնը, եւ յատկապէս քրիստոնեաներու տեղահանութիւնն ու կրած հալածանքները:
Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերուն, մտահոգութիւն յայտնեց մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Քանատայի դեսպանը իր կարգին նշեց թէ Քանատան մարդասիրական օժանդակութիւններով միշտ աջակցած է գաղթականներուն ու կը շարունակէ աջակցիլ մինչեւ Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծումը։:








All the contents on this site are copyrighted ©.