2014-07-26 11:46:36

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը


Ուրբաթ, 25 յուլիսին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա մարթայի մատրան մէջ, նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան, զոր մատոյց Տիկին Նաթալիա Մաոված Տի Ճիորճի-ի հոգւոյն դիտաւորութեան։
Տիկին Նաթալիա՝ եղած էր կողակիցը Վատիկանի թանգարանի մէջ աշխատող պաշտօնեայի մը, ան իր կեանքը զոհած է, անցեալ 11 յուլիս 2014-ին, մինչ՝ Իտալիոյ Սարտէնյա կղզիի ծովուն մէջ, խեղդամահ ըլլալէն կը փորձէր փրկել իր 7 ամեայ մանչ զաւակը եւ անոր բարեկամը։
Բարեխտաբար, հանգուցեալին ամուսինը կրցած է փրկել մանուկները։
Սուրբ Պատարագի արարողութեան մասնակցեցան հանգուցեալին հարազատները։
Շաբաթ, 27 Յուլիս 2014, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարճատեւ այցելութիւն կը կատարէ Գազերդա քաղաքին, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը առիթ կ՝ունենայ տեսակցելու թեմի կղերին հետ եւ ողջունելու ու քաջալերելու հաւատացեալները։ Սրբազան Հօր Գազերդայի տուած այցելութիւնը կը զուգանդիպի այն օրին ուր՝ հազարէ աւելի իտալական քաղաքներ կը տօնախմբեն իրենց պաշտպան սրբուհիին տօնը,. սրբուհի Աննա՝ մայրը Աստուածամօր։
Յետմիջօրէին, ժամը 16-ին Գազերթայի արքայական պալատին առջեւ` Գարլոս Գ հրապարակի վրայ կը մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ Պատարագը։ Գազերթա Թեմի առաջնորդը գերապայծառ Տ'Ալիզէ անդրադառնալով Սրբազան Հօր այցելութեան մասին ըսաւ. ՜՜Նորին Սրբութիւնը իր ներկայութեամբ կը ցնցէ խիղճերը եւ կը խթանէ նոր սերունդը վստահութեամբ դիմագրաւելու կեանքը՝ հակառակ տնտեսական տագնապին։ Անոր այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ ճանչցնելու այս հողերկրին գեղեցկութիւնը, հաւատացեալներուն բարեպաշտութիւնը եւ գաղթականներուն ապրած կեանքը։
Յայտնենք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկուշաբթի, 26 յուլիսին, դարձեալ Գազերդա պիտի մեկնի՝ հանդիպում ունենալու աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ` պատուելի Giovanni Traettinoյի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.