2014-07-26 10:03:51

Մուսուլի մէջ Հայկական եկեղեցւոյ խաչը վար առնուած է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱԵՇ) կոչուող սիւննի ահաբեկչական խմբաւորումը Մուսուլի մէջ հայկական եկեղեցւոյ վրայէն վար առած է խաչը եւ եկեղեցին վերածած է կազմակերպութեան քարոզչական կեդրոնի: Այս լուրը կը փոխանցէ թրքական «Media365» լրատուական կայքը:
Զինեալները հայկական եկեղեցւոյ խաչին տեղ տեղադրած են խմբաւորման դրօշակը:
Կայքին համաձայն՝ զինեալները ֆաթուա (կրօնական հրովարտակ) հրապարակած են՝ պահանջելով իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող 11-46 տարեկան մօտ 4 միլիոն կիներն ու աղջիկները բռնի թլփատել։ «Իսլամական պետութեան» քաղաքներուն մէջ արգիլուած է ծխախոտ եւ կլկլակ ծխելը, բոլոր սրճարանները փակ են, կիները նախընտրելի է որ իրենց տուներէն դուրս չգան, իսկ գալու պարագային՝ անպայման պէտք է լաչակ կրեն։
Թրքական լրատուամիջոցները նաեւ յայտնած էին, որ ՏԱԵՇի զինեալները Մուսուլի մէջ պայթեցուցած են Եունուս մարգարէի դամբարանը, որ շիիներուն սրբավայր է: Իսլամական սիւննի ահաբեկիչները շիիներու բազմաթիւ սրբավայրեր պղծած են նաեւ իրենց գրաւած Թելաֆեր եւ Քերքուկ քաղաքներուն մէջ: Եունուս մարգարէի դամբարանի աւերումը իրաքցիներուն բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձած է: Դամբարանը, որ կը ծառայէր որպէս մզկիթ, կառուցուած է 134 թուականին (հըժրա) եւ զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայր էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.