2014-07-26 12:00:48

Հըզպալլա նեցուկ կը կանգնի պաղեստինեան ամէն տեսակի դիմադրութեան
Ըսաւ.Սէյիտ Նասրալլա


Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան առիթով` Հըզպալլա, ուրբաթ,25 յուլիսին, կէսօրէ ետք Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Սէյիտ Շուհատա համալիրին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին կը նախատեսուէր, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանէ խօսք մը:
Վերջին հանգրուանին սէյիտ Նասրալլայի պատկերասփռուած ճառերուն վարժ բազմութիւնը սակայն անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ, երբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը անձամբ ներկայացաւ ձեռնարկին եւ արտասանեց իր խօսքը, հակառակ Հարաւային արուարձաններու ապահովական ապակայուն իրավիճակին:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Կազան յաղթանակած է Իսրայէլի շնորհիւ իր Դիմադրութեան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա նեցուկ կը կանգնի պաղեստինեան ամէն տեսակի Դիմադրութեան: «Մենք ոչ մէկ ձեւով պիտի զլանանք պաղեստինեան դիմադրութեան զօրակցիլ եւ օժանդակել, որովհետեւ մենք զմեզ անոնց եղբայրները կը նկատենք եւ կը բաժնենք անոնց ցաւը, իսկ անոնց յաղթանակը կը նկատենք մեր բոլորին յաղթանակը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ պաղեստինեան դիմադրութեան կամքը հզօր է եւ պայքարը պիտի շարունակուի: Ան աւելցուց, որ իրենք մանրամասնօրէն կը հետեւին պաղեստինեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս Կազայի դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմին:
Ան իր խօսքը ուղղելով պաղեստինեան դիմադրութեան ըսաւ. «Մենք ձեզի հետ ենք եւ ձեր կողքին կը գտնուինք: Մենք վստահ ենք, որ ձեր կամքը պիտի չտկարանայ: Իսկ սարդոստայնին եւ սիոնականներուն կ՛ըսեմ. «Կազայի մէջ դուք ձախողութիւն կը դիմագրաւէք, հետեւաբար մի՛ ուղղուիք դէպի անձնասպանութիւն եւ քանդում: Քաղաքական եւ զինուորական պայքարով եւ տոկալու կամքով պաղեստինցիները նոր տարազ պիտի պարտադրեն Իսրայէլի, սակայն այդ հոլովոյթը ժամանակի կը կարօտի»:
Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ դիւրին չէ Իսրայէլի եւ Նեթանիահուի կողմէ ընդունիլ պաղեստինեան յաղթանակը, որ կը պարտի պաղեստինեան դիմադրութեան նուաճումին: «Մենք վստահ ենք, որ արաբ որոշ ղեկավարներ այս հանգրուանին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան Նեթանիահուի եւ իսրայէլացիներուն հետ եւ անոնցմէ կը խնդրեն շարունակել Կազայի դէմ պատերազմը, սակայն ի վերջոյ Իսրայէլ անոնց վարձկանը չէ եւ իր շահերը կը ճանչնայ», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց պաղեստինեան դատին առումով քաղաքական եւ այլ մարզերու վերաբերող տարակարծութիւնները մէկդի դնել եւ զօրակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին` պահանջելով վերջ տալ Կազայի շրջափակումին:







All the contents on this site are copyrighted ©.