1 Վեց օր ետք` Յիսուս առաւ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու անոր եղբայրը` Յովհաննէսը,
հանեց զանոնք բարձր լեռ մը` առանձին, 2 եւ այլակերպեցաւ անոնց առջեւ. իր երեսը փայլեցաւ
արեւի պէս, ու իր հանդերձները ճերմակ եղան` լոյսի պէս: 3 Եւ ահա՛ Մովսէս ու Եղիա երեւցան
անոնց, եւ կը խօսակցէին իրեն հետ: 4 Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. “Տէ՛ր, լաւ է որ կենանք
հոս. եթէ կ'ուզես, շինենք հոս երեք վրան, մէկը` քեզի, մէկը` Մովսէսի, ու մէկը` Եղիայի”: 5
Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը [եկաւ] ամպէն`
ըսելով. “Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս` որուն հաճեցայ. անո՛ր մտիկ ըրէք”: 6 Երբ աշակերտները
լսեցին, իրենց երեսին վրայ ինկան ու սաստիկ վախցան: 7 Յիսուս մօտենալով` դպաւ անոնց
եւ ըսաւ. “[Ոտքի՛] ելէք, մի՛ վախնաք”: 8 Իրենց աչքերը բարձրացուցին ու ո՛չ մէկը տեսան`
բայց միայն Յիսուսը: 9 Երբ լեռնէն վար կ'իջնէին, Յիսուս հրահանգեց անոնց. “Այդ տեսիլքը
ո՛չ մէկուն պատմեցէք, մինչեւ որ մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն առնէ”: 10 Աշակերտները
հարցուցին իրեն. “Հապա ինչո՞ւ դպիրները կ'ըսեն թէ “պէտք է որ նախ Եղիա գայ”“: 11 Յիսուս
պատասխանեց անոնց. “Իրաւ է թէ նախ Եղիա պիտի գայ եւ վերահաստատէ ամէն բան: 12 Բայց
ձեզի կ'ըսեմ թէ Եղիա արդէն եկած է, ու չճանչցան զայն, հապա ինչ որ ուզեցին` ըրին անոր.
նոյնպէս ալ մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնցմէ”: 13 Այն ատեն աշակերտները հասկցան
թէ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին ըսաւ իրենց: