2014-07-26 09:23:20

Իրաքի եպիսկոպոսները կառավարութենէն կը խնդրեն վերջ դնել երկրի ողբերգութեան` պատշաճ պաշտպանութիւն երաշխաւորել քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն։


Իրաքի եպիսկոպոսները, 22 Յուլիս 2014ին, իրենց գումարած ժողովի աւարտին, խնդրած են ազգային կառավարութենէն երաշխաւորել պատշաճ պաշտպանութիւն մը քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն։Անոնց հրատարակած պատգամը կը կրէ ստորագրութիւնը քաղտէացիներու պատրիարքին, հայ եւ ասորի կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եպիսկոպոսներուն։Անոնք նոյնպէս կը խնդրեն նիւթական օժանդակութիւն ապահովել տեղահան ընտանիքներուն։
Եպիսկոպոսներու պատգամը ուղղուած է նաեւ Իրաքի եւ աշխարհի բարի կամք ունեցող մարդոց, ճնշում բանեցնելու ծայրայեղ մահմետականներու վրայ, որպէսզի վերջ դնեն եկեղեցիներու ու վանքերու, ձեռագիրներու ու մասունքներու եւ քրիստոնէական ժառանգութեան կործանումին, ընդգծելով որ այդ անգնահատելի ժառանգութիւնը մաս կը կազմէ ազգային ու միջազգային հարստութեան։ Պատգամի աւարտին Իրաքի եպիսկոպոսները կը գրեն. ''կը սպասենք կառավարութենէն դրական ներգործութիւններ հանգստացնելու մեր մարդոց սրտերը''։Հուսկ եպիսկոպոսները կը գնահատեն քիւրտերու կեցուացքը՝ Քիւրտիստանի շրջանին մէջ, որոնք սիրով կը հիւրընկալեն եւ օգնութեան կը հասնին տեղահան ընտանիքներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.