2014-07-25 14:02:03

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Ալճերիական օդանաւի արկածի զոհերուն


Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ալճերիոյ մէջ օդանաւի արկազի հարազատաներուն, որուն մէջ կը գրէ. Սրբազան Հայրը ի լուր Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածին, իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալին, որպէսզի Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ սփոփէ անոնց հարազատները։
Նշենք, որ երէկ, 23 յուլիսին, Ալճերիոյ Մալի քաղաքին մէջ ալճերիական օդանաւ մը ջախջախուած է, եւ անոր մէջ գտնուող 110 ճամբորդները մահացած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.