2014-07-25 11:13:04

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'ընդունի 50 հազար փոքր երգիչներ։


Յառաջիկայ 5 Օգոստոս 2014-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Գերմանիայէն եկած 50 հազար մատաղ երգիչներ, որոնք իրենց զիլ ու անմեղ ձայնով Տէրը կը փառաբանեն եկեղեցիներու մէջ, կը հաղորդագրէ Դաշնակցային Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասը։ Խորանը ծառայող երախաները, 4-8 օգոստոս 2014, ուխտագնացութեամբ պիտի ժամանեն Հռոմ ։
Ուխտագնացութեան կը մասնակցին Գերմանիոյ 26 թեմերու Աստուծոյ Եկեղեցւոյ ծառայող երախաները։ Անոնց կը միանան Վիեննացի եւ Լիթուանցի խումբ մը երախաներ։ Նշենք որ 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունած էր խորանի սպասարկող աւելի քան 53 հազար երախաներ, եկած Եւրոպայի 17 երկիրներէ։
2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆօ` ամառնային քահանայապետական տան մէջ ընդունած էր ֆրանսայէն եկած շուրջ 2.600 ֆրանսացի երախաներ։
Յայտնենք նաեւ որ ''խորան սպասարկող երախաներ'' համաշխարհային ընկերակցութիւնը հինգ տարին անգամ մը միջազգային ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ։ Յառաջիկայ միջազգային ուխտագնացութիւնը կը կատարուի Յաւիտենական Քաղաք` Հռոմ 3-5 Օգոստոս 2015։







All the contents on this site are copyrighted ©.