2014-07-25 10:22:24

Սուրիոյ ֆրանչիսկեաններու Եաքուպիէ վանքը ռմբակոծուած։


Ս. Երկրի ֆրանչիսկեաններու Պահակը` հայր Փիցցապալլա կը հաղորդէ որ` 20 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան Սուրիոյ ֆրանչիսկեաններու Եաքուպիէ վանքը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանէն ոչ հեռու, ռմբակոծուած է։ ''Վանքը մեծ վնասներ կրած է, սակայն բարեբախտաբար բնակիչներէն ոչ մէկը վնասուած է'' յայտնած է Ս. Երկրի Պահակը խնդրելով աղօթել ֆրանչիսկեան հայրերու եւ Եաքուպիէ ու Գնայէ բնակիչներուն համար, որոնց մեծ մասը հայեր են։ Ան նոյնպէս աղօթք խնդրած է Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։
Նշենք որ Եաքուպէի վանքը կը հիւրընակլէ 200 արտահաններ եւ օգնութեան կը հասնի աւելի քան 4000 քրիստոնեայ-իսլամ կարօտեալներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.