2014-07-25 09:30:18

Ոչ եւս է Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան


Մխիթարեան Միաբանութիւնը սրտի մեծ ցաւով կը հաղորդէ որ Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան, Սրբոց Առաքելոց տօնին՝ 19 Յուլիս 2014ին, Լոս Անճելէսի մէջ, 92 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց եւ մեկնեցաւ դէպի յաւերժութիւն:
Հանգուցեալ Վարդապետը վերջին շառաւիղներէն մին էր Հունգարիոյ պատմական մեծ գաղութին: Ծնած էր Կէօրկենի 19 Սեպտեմբեր 1921ին: 10 տարեկանին կ՚ընդունուի Վիեննայի Մխիթարեան Վանքի ժառանգաւորաց դպրոցը որու աւարտին՝ 16 յուլիս 1938ին ուխտերով կ՚անդամակցի Միաբանութեան: Համալսարանական ուսումները աւարտելով 31 Դեկտեմբեր 1944ին քահանայ կը ձեռնադրուի: Այդ թուականէն սկսեալ իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ հայ մշակոյթին ու հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան Վիեննա,Հունգարիա, Լիբանան ու Միացեալ Նահանգներ: Հանդէս Ամսօրեայի սիւնակները լի են իր գրութիւններով: Երկար տարիներ աշխատած է Վիեննայի Վանքէն ներս իբր դաստիարակ, գիտաշխատող, խմբագրապետ, գրադարանի, թանգարանի,տպարանի տնօրէն, գործակալ ու Մխիթարին ըմպելիի պատասխանատու: Իրն է արժանիքը Վիեննայի պատմական դիւանին ցանկագրումին ու կարգաւորութեան: Իբր ուսուցիչ ու տնօրէն իր մեծ լուման դրած է Լիբանանի ու Միացեալ Նահանգներու Մխիթարեան վարժարաններէն ներս:
Բնածին ու աստուածատուր ձիրքերը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին: Բոլոր անոնք որ մօտէն ճանչցան զինքը, գնահատեցին իր մէջ Մխիթար Աբբահօր ու Միաբանութեան նկատմամբ տածած սէրն ու պաշտամունքը:
Թող իր հոգին, արժանի ըլլայ իր պաշտած ու քարոզած ողորմած Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան, ուր ցմիշտ կանգ կ՚առնեն լացն ու սուգը:
Եկեղեցւոյ կարգը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 26 Յուլիս2014ին ժամը 11.00ին Սուրբ Գրիգոր ԼուսաւորիչՀայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, (1510 E.Mountain Street, Glendale, CA 91207-1226)Լոս Անճելէս, որմէ ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ու իր յիշատակին հոգեճաշ պիտի մատուցուի նոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Ըստ իր փափաքին մարմինը պիտի փոխադրուի ու հանգչի իր սիրած Միաբանութեան եղբայրակիցներուն մօտ՝ Վիեննա:Թաղման օրուան ու ժամին մասին տեղեակ կը պահենք հաւատացեալ հասարակութիւնը յաջորդ մեր հաղորդակցութեամբ:

Ս. Ղազար 23 Յուլիս 2014
Դիւան Մխիթարեան Միաբանութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.