2014-07-25 10:23:37

Հեշտամահը եւ մեռնելու իրաւունքը


Ոմանք կ՛արդարացնեն հեշտամահը յանուն արժանապատուութեամբ մեռնելու իրաւունքին:
Այսպէս կը պատասխանենք անոնց. այո՛, օրինաւոր է իրաւունք ունենալ ո՛չ միայն ապրելու, այլ նաեւ մեռնելու՝ արժանապատուութեամբ ու առանց ցաւեր կրելու: Հետեւաբար, ո՛չ ոք իրաւունք ունի սպաննելու կամ անձնասպանութեան դիմելու, որովհետեւ Աստուած է Տէրը կեանքին, եւ ուրիշ` ո՛չ ոք:
Նոյնիսկ եթէ կեանքը Սստուծոյ պարգեւն է, սակայն, մահը անխուսափելի է, որով, կարեւոր է խոր գիտակցութեամբ եւ արժանապատուութեամբ ընդունիլ զայն:
Ճիշտ է որ մահը մեր երկրաւոր կեանքին վերջ կր դնէ, բայց միւս կողմէ, անմահութեան ճանապարհը կը բանայ մեր առջեւ: Ուստի, ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է պատրաստուի այս իրականութեան, մարդկային արժէքներու լոյսին տակ, իսկ քրիստոնեաները՝ իրենց հաւատքի լոյսին տակ:
Արժանապատուութեամբ մեռնելու իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքը կը հայի բժիշկին, ընտանիքին եւ ընկերութեան պարտականութեան՝ մեղմացնելու հիւանդին չարչարանքները, այնպէս որ ան կարելիութիւնը ունենայ, մարդկային ծեւով, կեանքի յետին պահը գերազանցելու:
Ուստի, հիւանդին լաւագոյն խնամք մատակարարելը, չի՛ վերաբերիր լոկ բժշկական խնամքներուն, այլ նաեւ, մարդկային օժանդակութեան, մահամերձին շուրջ ստեղծելով մթնոլորտ մը վստահութեան եւ տաքուկ միջավայր մը, որպէսցի ան զգայ ու ըմբռնէ իր մարդկային լինելութեան խոր կարեւորութիւնը:
Նոյն խնամքին մաս կը կազմէ`չլքել հիւանդը իր հոգեկան վիշտերուն յանձնուելու:
Ստուգիւ, մահուան պահուն, նկատմամբ կեանքի ծագումին ու վախճանին հարցերուն, պատասխան մը գտնելու կարիքը կը զգացուի:
Ասոնք հաւատքի վերջին հարցերն են, որ կարելի չէ ջնջել կամ՝ մերժել: Այդ յետին վայրկեանին հաւատալը` կ՛օգնէ դիմադրելու մինչեւ իսկ գերազանցելու մահուան սարսափը, ու կը շնորհէ զօրաւոր յոյս մը՝ մահամերձին :
Մահը, իր ֆիզիքական, հոգեկան ցաւերով ու նուաստացումներով, մաս կը կազմէ մարդկային վիճակին:
Մարդուն ճշմարիտ արժանապատուութիւնը կր կայանայ` ընդունիլ զայն այնպէս ինչպէս որ է:
Հեղինակ` Եղիշէ Վրդ. Ճիւլեան, Հեշտամահը, Վենետիկ 2013







All the contents on this site are copyrighted ©.