2014-07-24 10:13:13

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ միջերկրականի ժողովուրդները աւելի եղբայրական համակեցութեան մը` հեռանալ անտարբերութեան համաշխարհականացումէն։


Սիկիլիոյ Դրաբանի քաղաքին մէջ 20 Յուլիս 2014 տեղի ունեցաւ ''թռչիլ վասն խաղաղութեան'' հաւաքը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` կարտինալ Բարոլինի ստորագրութիւնը կրող ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ Միջերկրականի ժողովուրդները աւելի յանձնառումով աշխատելու աւելի արդար ու եղբայրական համակեցութեան ի խնդիր։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Սուրբ ֆրանչիսկոսի ոգիով կազմակերպուած հաւաքը, սատարէ նպաստելու խաղաղութեան ու զօրակցութեան տիեզերական արժէքներու գիտակցութեան։
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ հաւաքին նպատակն է աշխատիլ մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ ամրապնդել խաղաղութեան, համագործակցութեան ու երկխօսութեան արժէքները







All the contents on this site are copyrighted ©.