2014-07-24 11:13:00

ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտի զրոյցը Պաղեստինի եւ Իսրայէլի Մարդկային իրաւունքներու նիւթի մասին։


Գերապայածառ Սիլվանօ Թոմազի` Ս. Աթոռի մնայուն դեսպանը, ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մօտ միջամտութիւն կատարելով մարդկային իրաւունքի խորհուրդի յատուկ նիստի ընթացքին 'Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մարդկային իրաւունքը' նիւթին մասին, ըսաւ. '' ոչ ոք յաղթական է եթէ բռնութիւնը չի դադրի, կը թուի, որ տրամաբանութիւնը հեղձուած է զէնքերու թնդիւններու տակ''։
Ս. Աթոռի մնայուն դէտը անգամ մը եւս կրկնեց ''բռնութիւնը ոչ մէկ տեղ կը տանի, ոչ այսօր եւ ոչ ալ վաղը։ Մարդու իրաւունքի դէմ գործադրուած մշտատեւ անարդարութիւնները ու բռնութիւնները, յատկապէս կեանքի խաղաղութեամբ ու անվտանգութեամբ ապրելու իրաւունքը՝ կը սերմանեն ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն։ Այս աշխարհամասին մէջ դժբախտաբար հաստատուած է բռնութեան մշակոյթը եւ որուն պտուղն է աւեր ու մահ։
Ներկայ ողբերգութեան մէջ յաղթական չկայ։ Զոհերու մեծամասնութիւնը քաղաքացիներ են, որ միջազգային իրաունքին համաձայն պէտք են պաշտպանուիլ։ ՄԱԿի տուեալներու համաձայն սպաննուած պաղեստինցիներուն 70 տոկոսը քաղաքացիներ են, այս եղելութիւնը անհանդուրժելի է։ նոյնպէս է նաեւ Իսրայէլի դէմ արձակուած հրթիռները։ Գերապայծառ Թոմազի կը մէջբերէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մէկ խօսքը արտասանուած Բեթղհէմին մէջ. ''բոլորին բարիքին համար հարկաւոր է կրկնապատկել ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները ստեղծելու պայմանները մնայուն խաղաղութեան համար, հիմնուած արդարութեան, իւրաքանչիւրի իրաւունքի ու փոխադարձ անվտանգութաեն վրայ։ Ժամը հնչեց աշխատելու բոլորին բարիքին ու խաղաղութեան հաստատումին ու երկու պետութիւններու ճանաչումին միջազգային իրաւունքի հիման վրայ''։
Միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է հրադադարը հաստատելու եւ վճռակամութեամբ գործելու խաղաղութեան ի սպաս։ Գերապայծառ Թոմազի իր միջամտութիւնը եզրափակեց ըսելով. բռնութեամբ, այրերն ու կիները պիտի շարունակեն ապրիլ որպէս թշնամի ու հակառակորդ, սակայն խաղաղութեամբ պիտի կարենան ապրիլ որպէս եղբայրներ ու քոյրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.