2014-07-24 10:25:39

Հարաւային Սուտանի մէջ մօտ ապագային մէջ լոյս պիտի տեսնէ նոր գիւղ մը "SOS Villages d'Enfants" ընկերակցութեան շնորհիւ, դժուարութեան մէջ ապրող երախաներուն ի սպաս


Հարաւային Սուտանի մէջ մօտ ապագային մէջ լոյս պիտի տեսնէ նոր գիւղ մը "SOS Villages d'Enfants" ընկերակցութեան շնորհիւ, դժուարութեան մէջ ապրող երախաներուն ի սպաս։
Մինչ Հարաւային Սուտանը բազմաթիւ բռնութիւններու թիրախ է, "SOS Villages d'Enfants" ընկերակցութիւնը Ժուպա մայրաքաղաքէն ոչ հեռու հողաշերտ մը վարձու առած է գիւղ մը կառուցանելու համար դժուարութեան մէջ ապրող երախաներուն ի նպաստ։ Այդ հողաշերտին վրայ պիտի կառուցուին 15 տուներ։ Արդէն 21 երախաներ կ`ապրին այդ նոր գիւղին մէջ, ուր նաեւ կը գտնուի ՄԱԿի շէնքը։
Նշենք որ "SOS Villages d'Enfants" ոչ քաղաքական եւ ոչ դաւանական բնոյթ ունեցող միջազգային ընկերակցութիւն մըն է, հիմնուած Աւստրիա 1949-ին ունենալով որպէս նպատակ ընտանեկան միջավայր մը ստեղծել որբ երախաներուն, անոնց հաղորդելու գորով եւ դաստիարակութիւն SOS մօր մը ներկայութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.