2014-07-24 10:19:56

Իսլամական պետութեան զինեալները կը բռնագրաւեն Մար Բըհնամ վաղեմի մենաստանը


Կիրակի 20 Յուլիս 2014, Իսլամական պետութեան կոչուած ծայրայեղ մահմետականները բռնագրաուած են Մար Բըհնամ չորրորդ դարու մենաստանը, որ կը գտնուi հիւսիսային Իրաքի Քարաքոշ քաղաքի շրջանը։ ''Հոս այլեւս տեղ չունիք, անմիջապէս պէտք էք հեռանալ այս վայրէն'', յայտարարած են զինեալները ասորի կաթողիկէ վանահայրերուն, այս լուրը հաղորդած է Մուսուլի ասորի կաթողիկէ առաջնորդը արքեպիսկոպոս Yohanna Petros Moshe, հիասթափութիւնը յայտնելով ի տես միջազգային հասարակութեան լռութեան ու անտարբերութեան։ Յայտնենք, որ Քարաքոշի 45 հազար բնակիչները` ամբողջութեամբ քրիստոնեայ, Յունիսին գաղթած են դէպի Քիւրտիստան։







All the contents on this site are copyrighted ©.