2014-07-24 10:04:28

Եկեղեցական շարժումներու համաշխարհային երրորդ հաւաքին նախապատրաստական ժողով։


Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցական շարժումներու համաշխարհային երրորդ հաւաքը 20-22 նոյեմբեր 2014 ''Աւետարանի ուրախութիւնը. միսիոնարական ուրախութիւն'' խորագիրով։
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհաճանաչ եկեղեցական շարժումներու պատուիրակութիւնները, որոնք անմիջական կապ հաստատած են Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդին հետ։
Հանդիպումին նիւթը ներշնչուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ``Աւետարանի ուրախութիւնը`` շրջաբերական թուղթէն, ուր՝ թիւ 21 համարին մէջ կը կարդանք. ''Աւետարանի ուրախութիւնը, որ աշակերտներու հասարակութիւններու կեանքը կը լիացնէ, միսիոնարական ուրախութիւն է ... Եկեղեցական շարժումները միշտ ունեցած են կոչումը Աստուծոյ խօսքը ճանչցնելու եւ քարոզելու։ Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուս կ`ըսէ. `` Եկէք երթանք ուրիշ մօտակայ գիւղաքաղաքներ եւս, որպէսզի այն տեղ ալ քարոզեմ, վասնզի եկած եմ ատոր համար իսկ''։ Հետեւաբար հաւաքին նպատակն է քաջալերել հաւատացեալները մաս կազմելու եկեղեցական շարժումներուն, որպէսզի իրենց կարգին դառնան նոր քարոզիչները Աւետարանին։
Համագումարին նախատեսուած է մասնակցութիւնը աւելի քան 80 միջազգային եկեղեցական շարժումներու պատուիրակութիւններու եւ 55 հիմնադիրներու։ Աշխատանքին կը մասնակցին զանազան թեմերու եպիսկոպոսներ ու Վատիկանի զանազան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Ասիկա եկեղեցական հաղորդութեան դրական նշան մը պիտի հանդիսանայ, ըսաւ կարտինալ Ստանիսլաս Ռիքօ` նախագահը Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով։ Ան հաստատեց, որ նոյեմբերի հաւաքին եկեղեցական շարժումները բացայայտ ու վճռակամ պատասխան մը պիտի տան Աւետարանը քարոզելու համայն աշխարհին։ Ասոնց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ համար հարստութիւն է։ Ս. Հոգին իր Եկեղեցւոյ մէջ կը յարուցանէ մարդիկ քարոզելու Աւետարանը ընկերութեան բոլոր խաւերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.