2014-07-23 10:19:18

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռաձայնային կապ հաստատած է Անտիոքի Ասորի Կաթողիկէներու Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին հետ


Չորեքշաբթի, 23 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գերապայծառ Շարլ Ժոն Պրաուն՝
Իրլանտայի մօտ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակ եւ Աքուիլէյայի թեմի
Արքեպիսկոպոս։
Իրաքի Մոսուլ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող քրիստոնաեներու դէմ հալածանքներու՝ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու կողմէ ի տես, կիրակի, 20 յուլիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռաձայնային կապ հաստատած է Անտիոքի Ասորի կաթողիկէներու Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին հետ։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր կատարած հեռաձայնային հաղորդութեան մէջ ապահոված է Պատրիարտքին, թէ մօտէն եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի քրիստոնեաներու աղէտալի վիճակին, որոնք սպառնալիքներու ենթարկուած են լքելու եւ հեռանալու Իրաքի Մոսուլ Քաղաքէն։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին միջեւ հեռաձայնային կապը տեւած է շուրջ ինը վայրկեան։
Ասորիներու Պատրիարքը իր կարգին շնորհակալութիւն յատնած է Սրբազան Քահանայապետին եւ խնդրած է Իրմէ բազմապատկելու ջանքերը միջազգային հասարակութեան հետ միասին՝ ընդգծելով, թէ Նինիվէ մարզին մէջ զանգուածային մաքրութիւն կը կատարուի հիմնուած կրօնի պատկանելիութեան վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հեռաձայնային հաղորդութեան աւարտին, իր Առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլոր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ապահովելով
անոնց Իր ներկայութիւնը աղօթելով շրջանին խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.