2014-07-23 09:59:48

ՄԱԿ-ի ապահովութեան Խորհուրդը դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումներու կողմէ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Իրաքի փոքրամասնութեանց, մասնաւորաբար Մուսուլի քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը` զգուշացնելով. «Այդ արարքները կրնան մարդկութեան դէմ ոճիրներ նկատուիլ»:
Ապահովութեան խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց Իսլամական պետութեան եւ անոր հետեւորդ խմբաւորումներուն կողմէ կանոնաւոր հալածանքը, որ կը կիրարկուի փոքրամասնութեանց եւ «Իսլամական պետութեան ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնը մերժող անձերու դէմ»:
Խորհուրդը գնահատեց փոքրամասնութեանց նկատմամբ ահաբեկչական սպառնալիքներուն դէմ դնելու եւ Իրաքի տագնապին պատճառով յառաջացած գաղթականներուն անմիջական կարիքները հոգալու իրաքեան կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի ջանքերը` կոչ ուղղելով «այդ ջանքերը աշխուժացնելու»:







All the contents on this site are copyrighted ©.