Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումի 40 ամեակը թուրք պետութեան կողմէ
20 Յուլիս 1974, թրքական բանակը նախայարձակում կատարած է Կիպրոսի վրայ ու բռնագրաւած
է Հիւսիսային Կիպրոսը։ Կիրակի 20 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 5,20-ին, ահազանգի զանգակը
մէկ վայրկեան հնչեց Նիքոզիոյ եւ Կիպրոսի բոլոր վայրերու մէջ վերակոչելու՝ հիւսիսային
Կիպրոսի բռնագրաւումը թրքական բանակի կողմէ։ Պետական շէնքերու վրայ դրօշակները կէս բարձրացած
էին ի նշան սուգի՝ ոգեկոչելու մահը աւելի քան 7000 զոհերու եւ 2000 տեղահաններու, մինչ
թրքաբնակ հիւիսային Կիպրոսը զինւորական տողանցքով վերակոչեց բռնագրաւումի 40-րդ տարեդարձը։