2014-07-23 12:16:03

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Արհամարհող Քննադատութիւնը


Քննադատուիլը ոմանց համար տկարութեան նշան է։
Սակայն մենք այդպէս չենք տեսներ. մանաւանդ՝ ճիշդ հակառակը պիտի պնդէինք, որովհետեւ լիիրաւ քննադատութիւնը՝ մէկ կողմէ, ու զայն գիտակցաբար ընդունիլը՝ միւս կողմէ, բարձր զարգացումի ու կրթութեան բացայայտ նշաններ են: Իսկապէս զարգացած ու գիտակից մէկը անպայման կ՛ուզէ լսել քննադատութիւն, որովհետեւ գիտէ՛ թէ կատարեալ մարդ գոյութիւն չունի, եւ թէ՝ քննադատողն ալ օր մը իր կարգին պիտի քննադատուի ուրիշներու կողմէ:
Կեանքի տարբեր բնագաւառներ՝ կրօնական, քաղաքական, մշակութային, եւայլն... ունին քննադատութեան յատուկ չափանիշեր, որոնք իբրեւ օրէնք կը գործադրուին, քննադատելու համար կեանքի այս կամ այն կալուածը ։
Իբրեւ հաստատում կարելի է ըսել, թէ չէ՛ եղած աշխարհի մէջ մէկը, եւ պիտի չըլլայ ապագային ալ, որ քննադատուած չըլլայ եւ կամ պիտի չքննադատուի: Սա ամէնէն պարզ տրամաբանութեամբ ալ գծագրուող պատկեր է մարդկային մտապաստառին վրայ: Ամէնէն հարազատ ու մտերիմ կարծուած անձեր յանկարծ կը քննադատեն զիրար, ո՛չ թէ անպայման վիրաւորելու կամ սխալներ մատնանշելու համար, այլ՝ ուղղումներ կատարելու կամ ճանապարհ ցոյց տալու նպատակով։
Քննադատութեան բարերար դերակատարութեան հաւատացող մարդիկ գիտակից համեստութեամբ կ՛ընդունին տրուած բացատրութիւնները եւ համապատասխան քայլեր կը վերցնեն, ցարդ իրենց անցած ուղին վերատեսութեան ենթարկելու եւ վերարժեւորելու իրենց նախկին գործունէութիւնն ու յարաբերութիւնները: Նման անհատները խորապէս կը հաւատան քննադատութեան բուժիչ յատկութեան:
Սակայն, քննադատութիւնը իր վատառողջ վիճակը կ՛ապրի ու վնասաբեր կր դառնայ այն ատեն, երբ քանդիչ դիտաւորութեան կ՛ընկերանայ, ուղղումէ բացի այլ նպատակներ հետապնդելով: Ուրեմն, բացայայտ է որ քննադատութիւնն ալ կը հիւանդանայ, անոր տեսողութիւնն ալ կը վատթարանայ, ստամոքսային խիթեր կ՛ունենայ, մէկ խօսքով բնականոն վիճակէն դուրս գալով՝ տարբեր իրավիճակներ կը ստեղծէ մեր կեանքին մէջ:
Խորքին մէջ քննադատները իրենց լայն մտային հորիզոնով, տրամաբանութեան ամէնէն մանրամասն ու նուրբ զգայարանքով եւ անաչառ կշիռքով, պէտք է հանճարներ դառնային յառաջատուական ընթացքով։
Քննադատուիլը ունի նաեւ իր շատ բացառիկ ու դրական մէկ երեսը, որ քննադատուող անձին ներկայացուցած կարեւորութիւնն է: Քննադատութեան նիւթ մատակարարելը ինքնին արժեչափ մը կը ներկայացնէ: Այսպէս, թեր ու դէմ կարծիքներ հրահրելու համար յառաջ քշուած նիւթը կլոր սեղանի մը նիւթ ըլլայ։ Նոյնպէս ալ, ընկերային կեանքի մէջ քննադատութեան նիւթ իբրեւ կ՛ընտրուին ո՛չ թէ ժամանակավրէպ մարդիկ, որոնք ժամանակը անցած պահածոյ տուփերու նման շուտով վար կը դրուին ու վաճառքէ դուրս գալով կը փճացուին, այլ՝ կ՛ընտրուին ժամանակակից ու առօրեայ կեանքի մէջ անմիջական տեղ ու անհրաժեշտ դերակատարութիւն ունեցող մարդիկ:
Քննադատութեան ամէնէն աւելի տխուր, տկար ու վատոյժ տեսակը՝ արհամարհո՛ղ քննադատութիւնն է: Այս տեսակ քննադատութիւնը կը սկսի «Ո՞վ է որ», «Ի՞նչ կը ներկայացնէ որ», «Ի՞նչ ուսում ունի որ», «Որո՞ւ զաւակն է որ» եւ նման սնամիտ, ինքնահաւան, վարկաբեկիչ ու նուաստացող արտայայտութիւններով, որոնք սակայն շատ աւելի կը տկարացնեն քննադատութեան մտրակի հարուածները: Միշտ կ՛ըսենք, թէ գաւազանի հարուածը ուտողը ի՛նք կը զգայ ցաւը, եւ ո՛չ թէ անդին կեցած այդ հարուածները հաշուող անձը: Սակայն, այս պարագային, ինչքան արհամարհող քննադատութեան հարուածները բազմանան, այնքան աւելի ծիծաղ կը պատճառեն, իր քամակին վրայ զանոնք ստացողին… Իսկ բուն ցաւ զգացողը անգիտակցաբար կ՛ըլլայ հարուածները տուողը, որ իր կատաղութեան մէջ չի՛ կրնար հաւասարակշռութիւնը պահել ու քանի մը հարուած ալ ինք իր ոտքին կու տայ… Իսկապէս ծիծաղելի է սա, եթէ մեր երեւակայութիւնը լարենք ու մեր աչքերուն դիմաց պատկերացնենք պահուան թատերական ներկայացումը:
Արհամարհող քննադատը երբեք չի՛ կրնար վաւերական քննադատ ըլլալ:
Ան պարզապէս կոյր ինքնահաւան մըն է, որուն տկար տեսողութիւնը մինչեւ իր քիթին ծայրը կը հասնի: Իսկ եթէ ակնոց դրած ըլլայ, աւելի յստակ կը տեսնէ իր քիթի մորթին ծակտիկները միայն, բայց ո՛չ անկէ անդին: Արհամարհող քննադատին կամակորութիւնը զինք դէպի անդունդ կ՛առաջնորդէ միայն: Նոյն տեսակի քննադատութեամբ այսպիսի մարդիկ կը կարծեն համախոհ ընկերներ հաւաքած ըլլալ իրենց շուրջ, մինչդեռ միայն խելքով պակասաւոր ունկնդիրներու խլեակներ կը դիզուին իրարու վրայ, որոնք իրենց լուռ համախոհութեամբ միայն սնունդ կու տան անոնց տկարութեան: Տկարութիւնն ալ տկարութեան մէջ կ՛աճի, այսինքն՝ աւելի՛ տկարութեան կը վերածուի, իր նուազագոյն աստիճանին կ՛իջնէ… Իսկ տկարներու կողմէ սնուցուողները բնականաբար զօրաւոր պիտի զգան, որովհետեւ իրենց մէկ հարուածով ո՛չ թէ միայն հազար ճանճ կը ջարդեն, այլ ափրիկեան երկրի մը թունաւոր մժեղներու զինուած բանակ մը ամբողջ կ՛ոչնչացնեն…
Այսպիսի քննադատութիւնները նոյնիսկ արհամարհող քննադատութիւն ըլլալէ աւելի, սրտմաշուք կը դառնան արհամարհող քննադատներուն համար: Իսկ քննադատուողները իսկապէս բաւարարութիւն կը զգան այդ քննադատութիւններէն:
Արդ՝ արհամարհող քննադատներդ, նկատէ ՜՜ սեփական աշխատանքիդ ծանուցումները խմբագրող եւ քու կողմէ վճարուած պաշտօնեաներդ՝՝:







All the contents on this site are copyrighted ©.