2014-07-22 11:00:26

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Անգլիոյ եւ Կալլեսի եպիսկոպոսական դասի՝ կեանքի ի նպաստ օրուան առթիւ։


Անգլիոյ եւ Կալլեսի եպիսկոպոսական դասը կեանքի ի նպաստ օրուան առթիւ (27 Յուլիս 2014), ընտրած են որպէս բնաբան. ''կեանքը ապրէ՛, պաշտպանէ՛ ու սիրէ՛ կեանքը''։
Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար կարտինալ Բարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը ուղղած է։
Նշենք, որ անցեալ 28 Յունիս 2014-ին, Անգլիոյ եւ Կալլեսի եպիսկոպոսները մատնանշած են, թէ''գործածէ ու նետէ'' ներկայ մշակոյթով հեշտ է անտեսել կեանքը, մինչ՝ ընդհակառակը, հարկաւոր է օգնել երիտասարդներուն, տարեցներուն, տկարներուն եւ վիրաւորներուն, կանխադասելով զանոնք ուրիշին պահանջներուն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է կարեւոր դեր մը ունենալու կեանքի պաշտպանութեան ի նպաստ։
Եպիսկոպոսները ''խնամել, մի սպաննել'' լոզունքով քարոզչութիւն մը կը կատարեն հեշտամահի օրէնքին դէմ, որ ներկայիս կ'ուսումնասիրուի Անգլիացի լորտերու կողմէ։ Եպիսկոպոոսները կը գրեն, որ կեանքը Աստուծոյ մէկ շնորհքն է իսկ անձնասպաննութիւնը մերժումն է այս պարգեւին։ Եպիսկոպոսները կը գրեն. Սխալ է օգնել մէկը մեռնելու համար։ Մի միայն Աստուած տէր է կեանքի ու մահուան։
Անգլիոյ եւ Կալլեսի եպիսկոպոսները իրենց պատգամը կ'եզրափակեն մէջբերելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքերը. ''Նոյնիսկ ամենատկարը, հիւնադը, տարեցը, ծնուելիքը, ինչազուրկը՝ Աստուծոյ ստեղծագործութեան գլուխգործոցները են, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերի ու նմանութեան համաձայն, սահմանուած ցմիշտ ապրելու եւ արժանի բացարձակ մեծարանքի ու յարգանքի։







All the contents on this site are copyrighted ©.