2014-07-22 12:21:03

Քաշաթաղի մէջ Արմաւիրի քաղաքապետը տեղափոխող ինքնաշարժը պայթած է ականի վրայ, կայ մէկ զոհ եւ երեք վիրաւոր


Երեքշաբթի, 22 յուլիսին, առաւօտեան, Արցախի Քաշաթաղի հիւսիսային կողմը, ականի վրայ պայթած է Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեանը տեղափոխող ինքնաշարժը: Այս մասին կը հաղորդէ Shamshyan.com–ը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ պայթումին հետեւանքով զոհուած է քաղաքապետի վարորդը, իսկ երեք ուրիշներ ստացած են մարմնական վնասուածքներ:
Արմաւիրի քաղաքապետն ու միւս վիրաւորները ուղղաթիռով կը տեղափոխուին Երեւան:
Ըստ Tert.am-ի՝ Արմաւիրի մարզէն ԱԺ պատգամաւոր Հրանդ Գրիգորեանը հաստատած է տեղեկութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.