2014-07-22 10:49:10

Յիսուսի հետ սորվինք աղօթել


RealAudioMP3 Այսպէս խօսեցաւ Յիսուս, եւ աչքերը բարձրացուց դէպի երկինք եւ ըսաւ: «Հա՛ր, հասաւ ժամը, փառաւորէ Որդիդ, որպէսզի քոը Որդիդ ալ քեզ փառաւորէ, եւ ըստ իշխանութեան՛ զոր տուիր անոր ամէն մարմնի վրայ, տայ կեանքն յաւիտենական աոնց, զորս դուն իրեն տուիր: Արդ, այս է կեանքն յաւիտենական, որ ճանչնան քեզ՝ ճշմարիտ Աստուած եւ ան, զոր դուն առաքեցիր՝ Յիսուս Քրիստոս: Երկրի վրայ ես փառաւորեցի քեզ, կատարեցի գործը, զոր դուն տուիր ինծի, որ կատարեմ (Յովհ 17, 1-4)
Շատեր կը խնդրեն մեզմէ երբեմն թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթել: Երբեմն բառեր չենք գտներ խօսելու Աստուծոյ հետ. երբեմն ալ շուարած կը մնանք թէ ի՞նչ է լաւագոյն ձեւը երկխօ-սութեան մէջ մտնելու մեր Տիրոջ հետ:
Յիսուսի լաւագոյն աղօթքը կը գտնենք «Հայր Մեր»ին մէջ, եւ սակայն խորունկ աղօթքը եղաւ Գէթսեմանի պարտէզին մէջ իր չարչարանքներէն եւ ճանապարհ խաչը առնելէն առաջ, երբ մտերիմ խօսակցու-թեան մէջ մտաւ իր Հօր հետ՝ աղօթելով իր աշակերտներուն եւ նոր քրիստոնեաներուն եւ մանաւանդ նոր ծնած եւ իրմէ հիմնուած Եկեղեցւոյ համար:
Յիսուս իր աչքերը կը բարձրացնէր երբ Հօրը հետ կը խօսէր եւ այս պարզ նկա-տողութենէն շատ մը դասեր կրնանք քաշել որ է մեր աչքերը սեւեռենք դէպի բարձրը ուրկէ զԱստուած մեզ կը դիտէ եւ կը լսէ որովհետեւ այս հոգեւոր ձեւը կը փխի մեր անկեղծ սրտէն եւ հոգիէն: Աղօթելու համար գիտնալու ենք թէ ինչպէս մեր աչքերը պէտք ենք բարձրացնել եւ մեր նայուածքը դէպի բարձրագոյնը սեւեռենք հոն ուր կը գտնենք Աստուծոյ ողորմութիւնը ես սէրը, զինք փառափանելու եւ լսելու իր պատգամը:
Աղօթքը ներկայութիւն մըն է, հաղոր-դակցութիւն մը Աստուծոյ հետ: Քրիստոն-եային աղօթքը կը պահանջէ մեզմէ վերա-դառնալու իր ինքնութեան առանց վախի եւ դադարի, որովհետեւ կ'օգնէ հաւատացեա-լին վերանորոգելու իր մէջ Աստուծոյ ներ-կայութիւնը: Անձնական ներքննութիւնը կը մնայ մենաշնորհը Աստուծոյ հետ հանդիպումին: Այս է լռութեան կարե-ւորութիւնը լաւագոյն աղօթքը ընելու:
Կը հարցնէին Արսի նշանաւոր ժողո-վրդապետ Հայր Ժան Վիաննէին թէ ինչպէս կ'աղօթէր. ան ալ պատասխանեց. «եկեղեցի կ'երթամ լռութեան մէջ մնալով. Խաչե-ցեալին կը դիտեմ եւ ինք ալ ինծի կը դի-տէ...»: Նայուածքի նոր ձեւերը գործածելով ան կ'աղօթէր եւ կը մտնէր մտերմութեան մէջ իր Փրկչին հետ:
Աղօթքը մեզի պէտք է օգնէ աւելի լաւ ճանչնալու Տէրը, ներհայեցողութեամբ եւ լսելով իր գեղեցիկ խօսքերը: Մեր աչքերը դէպի վերերը բարձրացնելով մեզի կ'օգնէ նաեւ դիտելու Աստուծոյ նայուածքները որովհետեւ իրեն դիտելով եւ լսելով կրնանք դիտել մեր կեանքին եղելութիւնները: Այդ անձերը որոնց հետ կը բաժնենք մեր կեանքին ուրախութիւնը եւ ցաւերը, հոն կը գտնենք գեղեցիկ աղօթքին պտուղը որ մեզի աւելի յստակ կերպով կը նկարագրէ աշ-խարհիս ճշմարտութիւնները եւ սէրը, մա-նաւանդ Աւետարանին մօտեցումը:
Ո՜վ Յիսուս, սորվեցուր ինծի աղօթելու եւ աւելի մտափոխուելու եւ Քու ներկայու-թիւնդ յայտնաբերելու իմ հոգիիս մէջ: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.