2014-07-22 11:16:28

Բացում Հայաստանի նոր Հիւպատոսարանի Լիոն քաղաքին մէջ


Երկուշաբթի Յուլիս 21­ին, յետ միջօրէի ժամը 6,00-ին, Լիոնի երրորդ առուարձանին մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի նոր Հիւպատոսարանին, նախագահութեամբ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար` Էտուարտ Նալպանտեանի եւ բարձրամեծար ներկայութեամբ Շարլ Ազնաւուրի։ Հոն էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Պր. Վիգէն Ճիտեճեան։
Ներկայ էին Ռօն շրջանի նահանգապետը (préfet), Լիոնի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ Լիոնի զանազան առուարձաններու քաղաքապետեր եւ երեսփոխաններ։ Եկեղեցական բաժնին մէջ կար Լիոնի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, որուն կ՛ընկերանային շրջանի երեք քահանաներ։ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ներկայացուած էր Լիոնի իր հովիւով, ինչպէս նաեւ Սէն Շամոնի եւ Վալանսի ժողովրդապետներով։
Նախ խօսք առաւ Նոր հիւպատոսը, Պր. Նիքոլաի Սարգիսով, բարի գալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն. Յայտարարեց թէ այսուհետեւ Ռօն­Ալփ շրջանի Հայերը, որոնց թիւը կը հասնի մօտ 160.000-ի, իրենց տունը ունեցան Լիոնի մէջ։ Զանազան անձնաւոտութիւններ խօսք առին, յիշելով թէ ինչպէս Հայերը հասան այս կողմերը, ցեղասպանութենէն ետք, եւ ծաղկեցուցին այս շրջանը իրենց յամառ աշխատանքով եւ օրինակելի կեցութեամբ. Բոլոր Լիոնը կը պատրաստուի յառաջիկայ 24 ապրիլի 2015­ին, մեծ հանդիսութեամբ կատարելու յիշատակը ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։
Հուսկ խօսք առաւ Պր. Նալպանտեան, որ երկար տարիներ դեսպան եղած էր Հայաստանի, Ֆրանսայի մօտ։ Յիշեց զանազան ձեռնարկները զոր ֆրանսացիները կը կատարեն Հայաստանի մէջ, երկրի վերելքին ի նպաստ, մանաւանդ Երեւանի ֆրանսական համալսարանի տուած գնահատելի արդիւնքները։
Ապա` դպրոցական հայ երեխաներ երգեցին նախ ֆրանսական քայլերգը` Մարսէյէզը, ու ապա Մեր Հայրենիքը, որու ընթացքին հայկական դրօշակը բարձրացաւ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ։ Ապա գլխաւորութեամբ Հայր Կարապետին, բոլոր ներկայ եկեղեցականները կատարեցին տան օրհնութիւնը։ Շնորհաւորութիւններուն յաջորդեց Քոքթէյլ մը, որմէ ետք մօտ 400­ի հասնող ներկաները հրաժեշտ տուին նոր հիւպատոսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.