2014-07-21 12:18:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը Իրաքի Մուսուլ քաղաքի քրիստոնեայ հասարակութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ի խնդիր։


Կիրակի 20 յուլիսին, կէսօրին, Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ ի խնդիր Իրաքի Մուսուլի քրիստոնեայ հասարակութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու, ՝՝ուր անոնք՝՝, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ՝՝քրիստոնէութեան արշալոյսին ապրեցան այլ քաղաքացիներուն հետ միասին, բերելով իրենց նշանակալից սատարը ընկերութեան բարիքին համար։ Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ զանոնք յիշէք ձեր աղօթքներուն մէջ։ Նոյնպէս կը խրախուսեմ ձեզ աղօթքի մէջ յարատեւել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ գոյատեւող լարուածութիւններուն եւ ընդհարումներուն, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի եւ Ուկրանիոյ մէջ։ Խաղաղութեան Աստուածը թող յարուցանէ բոլորին մէջ ճշմարիտ երկխօսութեան ու հաշտութեան իղձը։ Բռնութեամբ կարելի չէ յաղթել բռնութեան։ Այլ խաղաղութեամբ կարելի է յաղթել զայն՝՝։
Ապա Նորին Սրբութիւնը սիրալիր ողջոյններ ուղղեց Իտալիոյ եւ այլ երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն՝ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի օր մը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.