2014-07-21 12:36:47

Պելճիքան կը պատրաստուի գիտաժողովովի մը վերակոչելու Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը։


Պելճիքայի մէջ նախատեսուած գիտաժողովին բնաբանն է. ''Երկխօսութեան մէջ Եկեղեցին. վերակարդալ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը։
Գիտաժողովը տեղի կ'ունենայ 26-28 Հոկտեմբեր 2014-ին, կազմակերպութեամբ ՊելՃիքայի եպիսկոպոսական դասի, որուն աշխատանքներուն կը նախատեսուի մասնակցութիւնբը կարտինալ Միւլերին` կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 1962-1965, ունեցաւ որպէս յատկանիշ Աստուծոյ Յայտնութեան երկխօսութիւնը ոչ միայն կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ այլ նաեւ քոյր եկեղեցիներու, հրեաներու, զանազան կրօններու եւ ոչ-հաւատացեալներու հետ։ Յայտնութեան երկխօսութիւնը ունի որպէս հիմ յոյսն ու սէրը՝ հանդէպ Աստուծոյ։ Գիտաժողովին յայտագիրը կը նախատեսէ Ս. Պատարագ Պրիւքսէլի Koeklberg պազելիքայի մէջ ապա միջամտութիւնը կարտինալ Միւլլերի ինչպէս նեաւ 27 հոկտեմբերին, աստուածաբաններու միջամտութիւնները Լուվան համալսարանին մէջ։ իսկ 28 հոկտեմբերին գիտաժողովին գլխաւոր նիւթը պիտի հանդիսանայ՝ յարաբերութիւնը ընդդմէջ քրիստոնէական աւանդութեան եւ ժամանակակից աշխարհը։







All the contents on this site are copyrighted ©.