2014-07-21 09:23:47

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուող սպանդը


Կիրակի, 20 յուլիսին, Մար Շարպելի տօնին առիթով` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Աննայայի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը մաղթէր, որ Մար Շարպելի տօնին առիթով հանրապետութեան նոր նախագահը եւս ներկայ գտնուէր պատարագին, սակայն նախագահական ընտրութիւն կարելի չէ յուսալ, երբ խորհրդարանը փակ է:
«Նախագահական թափուր աթոռը լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը խոցող վէրք մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ աթոռին թափուր իրավիճակը սիրող կողմերը մերժեցին, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը` մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ լիբանանցի երեսփոխանները իրենք իրենց անձերուն հետ հաշտուին եւ Լիբանանի համար հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրեն:
Անդրադառնալով Իրաքի` Ռայի պատրիարքը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Իրաքի քրիստոնէութեան եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց պահպանել իրաքցիները:
Ան խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուող սպանդը եւ աղօթեց Մար Շարպելին, որպէսզի պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ չարիք գործող ձեռքերէն չարութիւնը խլէ եւ անոնց ուղեղները լուսաւորէ խաղաղութեան ճշմարտութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.