2014-07-21 09:31:43

Կազայի Շուժահիյա շրջանին մէջ իսրայէլացի 15 զինուորներ սպաննուած են:


Մինչ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը կը շարունակուի, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր շարքերուն զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը 24 ժամուան մէջ կատարած է 5 գործողութիւններ, որոնք իսրայէլեան բանակին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած են: Ըստ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին, Կազայի Շուժահիյա շրջանին մէջ բախումներուն ընթացքին իսրայէլացի 15 զինուորներ սպաննուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ Շուժահիյայի ճակատամարտը կը նմանցնեն 2006-ին լիբանանեան Մարուն Ռաս գիւղի ճակատամարտին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի զինուորներու եւ պաղեստինցի զինեալներու միջեւ դէմ առ դէմ բախումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ «Ռոթըրնեթ» կայքը նշեց, որ ըստ նախնական տուեալներու, իսրայէլացի զինուոր մը գերեվարուած է: Իսրայէլեան բանակէն վիրաւորներուն շարքին է «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու հրամանատարը:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ կիրակի արշալոյսին Կազայի արեւելքը գտնուող Թուֆահ թաղամասին մէջ հարիւրաւոր մեթրեր յառաջացած իսրայէլացի զինուորները ձգած են թակարդի մը մէջ եւ անոնցմէ 14-ը սպաննած: Իսրայէլ ընդունեց, որ Շուժահիյայի մէջ շաբաթ գիշեր տեղի ունեցած ճակատամարտին ընթացքին ինկած իր զոհերուն թիւը 13 է:







All the contents on this site are copyrighted ©.