2014-07-19 09:49:50

«Կարող Ենք Միասին» կարգախօսով հաշմանդամներու արշաւ


ԵՐԵՒԱՆ.– ԵՈՒՆԻՍԵՖը կարգ մը գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ 18 Յուլիսին Պօղոսեան պարտէզներուն մէջ մեկնարկած է հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները ընկերային կեանքին մէջ ներառելու հանրային արշաւը: «Կարող ենք միասին» կարգախօսը կրող արշաւին նպատակն է խթանել ընկերութեան մէջ անոնց ներառումը եւ «կրթութիւն բոլոր երեխաներուն համար» գաղափարի տարածումը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները՝ որպէս հասարակութեան լիարժէք անդամներ ընդունումը եւ անոնց դերակատարութիւն տալու կարեւորութիւնը երկրի զարգացման մէջ։
Արշաւին կը մասնակցէին աւելի քան 300 անձեր, որոնց կարգին ներկայացուցիչներ կառավարութենէն, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կրթութեան ոլորտի տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն, ինչպէս նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող եւ չունեցող երեխաներ ու անոնց ծնողները։ Կայացած ցուցահանդէսին ճամբով մասնակիցները ծանօթացան արշաւի գործընկեր շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ու ծառայութիւններուն, որոնք կը տրամադրուին հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն ու անոնց ծնողներուն:
Արշաւին բացումը կատարելով՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար æեմմա Բաղդասարեան կարեւոր նկատած է համայնքային առօրեայ կեանքին մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու համարկումը, ինչպէս նաեւ համախմբուած աջակցութեան տրամադրման դերը՝ երեխաներուն համար կարելիութիւններ ստեղծելու առումով:
ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Հենրիեթ Արենս յայտնած է. «Հայաստան ձեռնամուխ եղած է երեխաներու ընկերային պաշտպանութեան համակարգի վերակազմաւորման գործընթացին: Այս պարունակին մէջ յատկապէս կարեւոր է երաշխաւորել, որ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու իրաւունքները ճանչցուած եւ պահպանուած ըլլան: Մենք մեկնարկած ենք «Կարող ենք միասին» արշաւը՝ աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան եւ ոլորտի այլ գործընկերներուն՝ ապահովելու հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն համար կրթութիւն ստանալու եւ համայնքներուն մէջ ներառուելու հաւասար հնարաւորութիւններ»։
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան ներկայացուցած է կրթութեան ոլորտի բարեփոխումները եւ մշակուած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ներառական կրթութեան ոլորտին մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները: «Առանձնայատուկ կարիք ունեցող անձանց կրթութեան կազմակերպումը պետութեան ուշադրութեան կենտրոնում է: Այսօր 139 ներառական դպրոցներում կրթութիւն են ստանում շուրջ 2700 երեխայ եւ այդ թիւը գնալով աճում է», յայտնած է Յովհաննիսեան:
Յատկանշական էր, որ խօսք առնողներէն իւրաքանչիւրը բեմ բարձրացած է հաշմանդամ երեխայի մը ընկերակցութեամբ՝ ներկաներուն փոխանցելով իր երազները։
Պաշտօնական բաժինին յաջորդած են երեխաներու համար կազմակերպուած տարբեր խաղեր եւ տիկնիկային ներկայացումներ՝ ծաղրածուներու, ձեռնածուներու ու հեքիաթներու հերոսներու մասնակցութեամբ, որուն աւարտին մասնակիցները թռցուցած են փուչիկներ, որոնց վրայ երեխաներուն երազները արձանագրուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.