2014-07-18 09:51:30

''Նելսոն Մանտելա'' միջազգային օր։


2010-ին Մակի որոշումով հաստատուեցաւ Նելսոն Մանտելայի միջազգային օրը, որ կը յիշատակուի անոր ծննդեան տարեդարձին օրը 18 յուլիսին։ Այս օրը որոշուած է մեծարելու համար Հարաւափրիկէի երբեմնի նախագահը որ վեհանձնօրէն գործեց կերտելու խաղաղութեան եւ ազատութեան մշկոյթ մը։ Նելսոն Մանտելան իր մահկանացուն կնքեց 5 դեկտմեբեր 2013-ին, 95 տարեկանին։
Մանտելա ծնած է 18 յուլիս 1918-ին, Հարաւային Ափրիկէի մէջ:
Նախնական եւ երկրորդական ուսումը զանազան վարժարաններու մէջ ստանալէ ետք, իրաւագիտութիւն կ’ուսանի Հեր եւ Ուիթուոթըրսըրանտ համալսարաններուն մէջ: Ապրելով Ճոհանեսպուրկի մէջ` կը մասնակցի քաղաքի գաղութատիրութեան դէմ ծաւալող պայքարին, մասնակցելով «Էյ. Էն. Սի.»¬ի (Ափրիկեան ազգային քոնկրեսով) աշխատանքներուն: Որպէս իրաւաբան` բազմիցս կը ձերբակալուի իր քաղաքական համոզումներուն ու հակապետական կեցուածքին համար: Ափրիկեան ազգային քոնկրեսի ղեկավարներուն հետ կը դատուի, իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, 1956-1961 տարիներուն: Սկզբնական շրջանին թէեւ կը մասնակցի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպելու աշխատանքին միայն, սակայն հետագային,1961¬էն սկսեալ, Ափրիկեան Համայնավար կուսակցութեան հետ կը հիմնէ Էմ. Քէ. յեղափոխական կազմակերպութիւնը, խափանարարական միջոցներով պայքարելու համար Հարաւային Ափրիկէի apartheid (բաժանիչ, ցեղապաշտ) պետութեան դէմ: Մանտելան 1962-ին կը ձերբակալուի, կը մեղադրուի պետական յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով, կը դատուի եւ կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան : Ան կը մնայ բանտարկուած 27 տարի: Միջազգային երկարամեայ ճնշումներն ու ներքին պայքարը պատճառ կը դառնան, որ Մանտելա ազատ արձակուի 11 փետրուար 1990-ին։
1994-ին տեղի կ՛ունենայ առաջին ժողովրդավարական բազմազգ նախագահական ընտրութիւնը, որուն ընթացքին Ափրիկեան ազգային քոնկրեսը կը յաղթանակէ, եւ Մանտելա կ’ընտրուի Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահ:
Մանտելա ռահվիրայ մը, պաշտամունքի արժանի տիպար ու խորհրդանիշ դարձաւ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար, Ափրիկէէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը: Անարդարօրէն ահաբեկիչ ծանուցուած Մանտելա իր խաղաղասիրական աննահանջ պայքարով նուաճեց Նոպէլեան խաղաղութեա՛ն մրցանակը (հազուադէպ մրցանակաւորներէն, որոնք յետին հաշիւներով եւ անարդարօրէն չհասան այս մրցանակին): Արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ հաւասարութեան այս դրօշակիրը դարձաւ այս արժէքները մարմնաւորող պետական ղեկավար, չարձանագրեց բազմաթիւ ճակատագրակիցներու սայթաքումները, նախագահական աթոռը չիւրացուց ցկեանս, այլ ճամբայ հարթեց իր հայրենիքին նոր սերունդի ղեկավարութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.