2014-07-18 09:56:28

Հեշտամահի վաւերացնելու պատճառները


RealAudioMP3 Շատեր կը հաստատեն, թէ երբ հիւանդութիւնը ծանր է ու անդարմանելի, պատշաճ չէ շարունակել հիւանդը խնամել. հետեւաբար, «մարդկային» արարք մըն է վերջ դնել հիւանդի կեանքին, ու չենթարկել չարչարանքներու:
Նախ եւ առաջ, հարկ է ըսել, թէ ո՛չ մէկ պարագային կարելի է գիտական հաւաստիքը ունենալ` անբուժելիութեան նկատմամբ:
Հաւաստել ասիկա, կը նշսւնակէ` ինքնին հակազդել բոլոր այն փորձարկումներուն դէմ, որոնք տեղի կ՛ունենան հիւանդութիւններու աոաջքը առնելու, որովհետեւ, մէկ կողմէ փաստարկութիւններ կան ժխտելու նման դատաստաններ, եւ միւս կողմէ միտումը` հրաժարելու գիտութեան յառաջխաղացումին եւ զարգացումին հաւատք ընծայելու:
Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը կ՛ըսէ. «Հեշտամահի կիրառումը, բացայայտօրէն ներկայացուած, կր կնքէ գիտութեան հրաժարումը, ետ դարձ մը, նաեւ նախատինք մը մահամերձի անձին արժանապատուութեան»:
Կեանքի ու մահուան սահմանները շատ բացայայտ չեն այսօր:
Սրտին եւ շնչառութեան կանգ առնելը, օրինակի համար, աղերս չունի մահուան հետ, որովհետեւ, կարելի է վերակենդանացնել սիրտն ու ապահովել թոքերու արուեստական շնչառութիւնը:
Այսօր, բժիշկը կը ստորագրէ մահուան վճիռը միայն` երբ որ փաստէ թէ մահամերձին բուսական կեանքր վերջացած է:
Խումբ մը գիտնականներ, քահանայապետական Ակադեմիայի կողմէ հրաւիրուած, իրենց ժողովական ուսումնասիրութիւններէն ետք, Հաղորդագրութիւն մը կը ներկայացնեն` յայտարարելով. «Ուղեղային մահը ճշմարիտ փաստն է մահուան, նկատի առած որե, սրտաշնչական գործողութեան վերջնական ղադարը արագօրէն կ՛առաջնորդէ ուղեղային մահուան: Սակայն, ապահով ըլլալու համար որ հարթ դարձած է ուղեղը, այսինքն, ելեկտրական ոչ մէկ գործողութիւն կ՛արտաբերէ, անհրաժեշտ է որ նուազագոյն երկու անգամ քննութիւն կատարուի, իրարմէ վեց ժամ տարբերութեամբ»:
Հեշտամահը վաւերացնելու պատրուակները էապէս նոյնն են ինչ որ կը վերաբերի վիժումին: Վիժումին համար կը հաստատուի, թէ սաղմը լոկ զօրութեամբ մարդկային լինելութիւն մըն է, եւ թէ անոր կեանքը կախումնաւոր է ուրիշներու ընձեռսծ օժանդակութենէն:

Կը հաստատուի նաեւ եթէ մարմնական ու հոգեկան ծանր կերպով պակասաւոր ենթակաները, ամբողջական անձեր չեն, ուստի, ոչ ալ ինքնաբաւ:
Հեշտամահէն աւելի կը նախընտրուի խօսիլ, մահը տնօրինել իրաւունքի մասին, ինչպէս վիժումի պարագային, ուր կր խօսուի , կեանքը տնօրինելու իրաւունքի մասին, եւ տնօրինողին իրաւունքը ազատելու պաշտպանել անարժէք ծանրութենէ մը:
Հետեւեալ պատճառաբանութեան դիմելով է, որ հեշտամահի կողմնակիցները իրենք զիրենք կ՛արդարացնեն:
Հեղինակ` Եղիշէ Վրդ. Ճիւլեան, Հեշտամահը, Վենետիկ 2013







All the contents on this site are copyrighted ©.