2014-07-17 10:09:15

Թուրքիոյ Վաքըֆ գիւղին մէջ մնացած վերջին քեսապահայերը վերադարձած են Քեսապ


«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Քեսապ վերադարձած է թուրք-սուրիական սահմանի թրքական կողմը գտնուող հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ գտնուող քեսապահայերու վերջին խումբը:
Միայն վեց քեսապահայեր փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով մնացած էին Վաքըֆ գիւղին մէջ: Մէկուկէս ամսուան սպասումէ ետք վերջապէս վերադարձած են Քեսապ:
Նշենք, որ 15 յունիսին Քեսապի վերագրաւուելէն ետք Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայերը սկսած էին վերադառնալ իրենց պապենական օրրանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.