2014-07-17 11:35:07

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքի


Վիժումը կամ արհեստական վիժում
Երկու արտայայտութիւններն ալ միեւնոյն ողբերգական որդեսպանութեան կ՛առաջնորդեն։ Երկու բառերն ալ անզէն եւ անմեղ մարդ արարածի սպանութեան քստմնելի արարքին դիմաց մեզ կը դնեն։ Երկու արտայայտութիւնները մարդկային իրաւունքի դէմ կը մեղանչեն. Չեմ ըսեր թէ որքա նո՜վ Աստուծոյ դէմ է այս ոճիրը։ Չեմ պատմեր թէ գլխաւոր զոհը մայրն է, եւ չեմ ըսեր որքանո՜վ պիտի չարչարուի վիժողը, կեանքի ընթացքին։ Չեմ ուզեր յիշեցնել ամուսնութեան առաջին նպատակը, որդեծնութիւնն է եւ հարսը այն երազով կ՛ամուսնանայ եւ կը ցանկայ մայրութիւնը։ Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել կամ արդարացնել նման ոճիր մը։ Որքանո՞վ կարելի է հասկնալ մօր մը հոգեբանութիւնը եւ դրդապատճառները որոնք զինքը կը մղեն նման ինքնակամ տրամադրուելու, անզէն զաւակի սպանութեան։ Անբան անասուներն անգամ չեն գործեր նման ոճիր։ Ի՜նչ դաւաճանութիւն զաւակին դէմ, ընտանիքին դէմ, ինքն իր դէմ եւ ի՜նչ դաւաճանութիւն մարդկային կեանքի իրաւունքին եւ կեանք պարգեւող Աստուծոյ դէմ։
Ժամանակին, փոքր եղած ատենը կը կարդայինք մօր սրտի նուիրուած պատմութիւն մը, որուն մէջ, զաւակը խաբուելով թշնամիի կողմէն եւ շլանացած արտակարգ խոստումներէն, կու գայ մայրը կը սպաննէ եւ սիրտը առնելով կը տանի թշնամիին։ Աճապարանքի պահին զաւակը գետին կ՛իյնայ ու կը վիրաւորուի։ Մօր սիրտը ընդոստ կը պոռայ, վա՜յ զաւակս, զգոյշ չվիրաւորուիս։







All the contents on this site are copyrighted ©.