2014-04-25 09:37:26

Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի պատգամը ''Մեծ Եղեռնի'' յիշատակութեան առթիւ Հռոմի մէջ։


24 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 17-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Թոլէնթինոյի անուան հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած բիւրաւոր նահատակներու նուիրուած հոգեհանգստեան սրբազան արարողութեան աւարտին, որուն ներկայ գտնուեցան Եկեղեցական եւ դիւանագիտական մարմնի անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայ եւ օտար հաւատացեալներ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիըչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Եկեղեցւոյ մուտքի բակի տարածքին զետեղուած խաչքարի առջեւ խօսք առնելով ըսաւ.`
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, համայն աշխարհի մէջ գտնուղ հայ ազգին եւ հայ եկեղեցւոյ համար այսօր օրն է յիշատակութեան։
Յիշատակութիւնը պարտականութիւն մըն է, առ աւելին` խիղճի ու սրտի անհագ ցանկութիւն մըն է։ Անկարելի է մոռնալ հին ու նոր մեր նահատակները։ Նոյնիսկ քարերը կը պոռան եթէ ազգն ու եկեղեցին հաւատարիմ չմնան այս յիշողութեան որ ներկային ու ապագային համար կարեւոր ու կենսունակ է։
Հայ ազգը – ըսաւ ապա Կարտինալը –քրիստոնէական մկրտութիւնը ընդունող առաջին ազգը եղաւ, գուցէ որպէսզի պատրաստ ըլլար դիմագրաւելու դարերու հոլովոյթին ճանչցած տառապանքները։ Այո` սիրելի հայեր, - աւելցուց Ան - հաւատարիմ վկաներու շիրիմներու քարերը նոյնիսկ կը պոռան եթէ դուք հաւատարիմ չի մնաք ձեր այս թանկարժէք ժառանգութեան։
Մաղթանքս է այսօր որ յիշատակութենէն բխի աղօթք ու առաջադրանք ։
Աղօթք` բոլոր անարդարութիւններու զոհերուն խաղաղութեան համար, սկսեալ անոնցմէ որ իերնց կեանքը կորսնցուցին ''Մեծ Եղեռնի'' ընթացքին որուն կը պատրաստուիք հարիւրամեակը նշել քալ տարի։
Աղօթք` որպէսզի այն ինչ որ պատահեցաւ դարձեալ չի կրկնուի ոչ ձեր ազգին եւ ոչ ալ երկրի վրայ ապրող այլ որեւէ ազգի զաւակներուն։
Աղօթք` որպէսզի դժուարութեան դիմաց, անհատներ ու ժողովուրդներ չկորսնցնեն այն յոյսը զոր Քրիստոսի Յարութիւնը կարող է միշտ կենդանացնել։ Ու նաեւ առաջադրանք, ըսաւ հուսկ Վատիկանի ներկայացուցիչը, մատնանշելով Հայ ազգի զաւակ Տիգրան Դամատիանի, 1983 թուականին, Լէւոն ԺԳ քահանայապետին ուղղած մէկ նամակին որուն մէջ ան կը յայնտէ հայ ժողովուրդին ապրած հալածանքներն ու տառապանքը։
Թող հայերը, որ դրոշմուած են Քրիստոսի ջուրով եւ արիւնով, հաւատան որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ – հաստատեց Կարտինալ Սանտրին աւելցնելով թէ '' Դարերու ընթացքին մարդկայնօրէն կարելի էր մտածել թէ հայ ժողովուրդը պիտի ոչնչանար։ Սակայն այս մէկը չպատահեցաւ եւ ոչ ալ կը պատահի, մինչեւ այն ժամանակ որ քրիստոնէական ժառանգութիւնը, որ այնքան հզօր է ձեր սրտերուն մէջ, ապրուի անհատական հետեւողականութեամբ, յաղթահարելով ամէն բաժանում ու փնտռելով խաղաղութիւնը։ ''
Սիրելի հայ քոյրեր եւ եղբայբներ` ձեր նպատակը ըլլայ միութիւնը, աղօթքի զօրութեամբ – յորդորեց ծիրանաւորը։ Ան ապա խօսքի աւարտին ըսաւ` ''Ձեզ կը յանձնեմ երկու քահանայապետներուն որոնց սրբադասումը պիտի կատարուի յառաջիկայ կիրակի օր։ Այս երկու սուրբերը սիրեցին ձեր ժողովուրդը ու ձեր կրօնական վսեմ աւանդութիւնը։ Յովհաննէս ԻԳ ձեզ կը յիշեցնէ ''միշտ աւելի է այն ինչ որ մեզ կը միացնէ քան այն ինչ որ մեզ իրարմէ հեռու կը պահէ'' եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ ձեզմէ կը խնդրէ ''մի մերկացնէք Քրիստոսի խաչը որպէսզի զուրկ չի մնաք արմատներէ եւ հեռանկարներէ''։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը խօսքը աւարտեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի Աստուածային օրհնութիւնը չպակսի հայ ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ վրայէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.