2014-04-25 09:51:41

Երկու Քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան նախօրեակին աղօթքի հսկում։


''Յովհաննէս ԻԳ եւ ՅՊԲ Քահանայապետերու սրբադասման առթիւ, յառաջիկայ շաբաթ` 26 ապրիլին, սրբադասման արարողութեան նախօրեակին, Հռոմի 11 եկեղեցիներու մէջ տեղի կ՛ունենան աղօթքի հսկումներ'', յայտնեց Հռոմի Թեմի բանբեր Հայր Վալթէր Ինսէրօ, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։ Ան մատնանշեց թէ աղօթքի հսկումը սկիզբ կ'առնէ շաբաթ, 26 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7,00ին մատուցուած Սուրբ Պատարագով, Մոնթէ Սանթօ կոչուած տաճառին մէջ, ուր 1904 թուականին Յովհաննէս ԻԳ-րդ Քահանայապետը քահանայ ձեռնադրուած էր։ Հսկումի աղօթքը հուսկ կը շարունակուի Հռոմի զանազան եկեղեցիներու մէջ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆէտէրիքօ Լոմպարին որ յայնտեց թէ մինչեւ ցայժմ կը նախատեսուի զանազան երկիրներէն ժամանած 93 պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը։ Հայր Լոմպարտին ապա յայտնեց թէ սրբադասման արարողութեան կը մասնակցին մօտ 130 – 150 կարտինալներ եւ նուազագոյնը 1000 եպիսկոպոսներ մինչ՝ Սուրբ Հաղորդութեան բաշխումին համար նախատեսուած են 870 քահանաներ եւ սարկաւագներ որոնք Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ եւ Վիա Տէլլա Քոնչիլիացիոնէի տարածքին հաւատացեալներուն պիտի բաժնեն Սուրբ հաղորդութիւնը։
Հայր Լոմպարտին լրագրողներուն պարզեց ապա ծիսակատարութեան հանգրուանները հաստատելով թէ բոլոր անոնք, որ կը փափաքին մասնակցիլ արարողութեան բարի եկած են նոյնիսկ եթէ այլ կրօնի կամ դաւանանքի կը պատկանին։
Խօսելով ապա Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի ներկայութեան մասին Հայր Լոմպարին յայտնեց թէ Վաստակաւոր Քահանայապետը հրաւիրուած է սակայն, Անոր կը մնայ որոշումը։ Մինչեւ օրս ոչ մէկ պաշտօնական լուր մը չկայ անոր արարողութեան ներկայութեան մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.