2014-04-24 14:58:10

Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետերու մասունքները։


Հինգշաբթի, 24 ապրիլին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր ֆէտերիքօ Լոմպարտին, յայտնեց թէ Երանելի Յովհաննէս ԻԳ եւ Երանելի ՅՊԲ Քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան ընթացքին անոնց մասունքերը թափօրով պիտի փոխադրուին ու պիտի զետեղուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուղ կեդրոնական խորանին վրայ։
Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի մասունքը կը կայանայ անոր դիակէն առնուած փոքրիկ մորթէ մը, որ պահպանուած է Սուրբ Պետրոսի մէջ։
Իսկ ՅՊԲ Քահանայապետի մասունքը կը ներկայացուի սրուակի մէջ պահպանուած քահանայապետի արիւնով, որ այս օրերուն ցուցադրուեցաւ Վատիկանի պատկանող ''Յիսուս Մանուկ'' մանկահիւանդանոցին մատրան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.