Անճելօ Ռոնքալլին համբերատար էր` ընդունակ յաղթահարելու կեանքի բոլոր զրկանքներն ու փորձութիւնները:
Դեռ երիտասարդութեան կ’առաջադրէ միշտ սնուցանել հաւատքը եւ երբեք չձգել որ այն ծերանայ`
մնալով միշտ մանուկ Աստուծոյ դիմաց, ինչպէս որ Յիսուս կը սորվեցնէ Աւետարանին մէջ:
Վարդապետ մըն էր` ազատ իր ասպարէզին յաւակնութիւններէ եւ ընդունակ սիրալիր համագործակցութեան:
Իբրեւ Եպիսկոպոս եւ հետագային` իբրեւ Քահանայապետ, չափազանց կարեւորութիւն տուած է վարդապետներու
մտային հոգեւոր կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ աշարհականներու` մղելով զիրենք պատասխանատու
առաքելութեան մը: Հաւատքը ծաղկեցնելու իր այս մնայուն բաղձանքէն մեկնելով կը նպաստէ
Ծիսակատա-տարութեան` հաւատացեալներու գործօն մասնակցութեան: Իր հաւատքը ապրեցաւ ժողո-վրդական
բարեպաշտութեան զգայնութեամբ. Ինչպէս Սուրբ Հաղորդութեան պաշտա-մունքը, Յիսուսի Սուրբ
Սրտի եւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնները: Ան միշտ նախընտրած է հաղորդակցիլ պարզ,
անմիջական եւ առօրեայ կեանքի վերաբերող պատկերներու միջոցաւ` յաջողելով անմիջապէս թափանցել
մարդոց սիրտերը: Անոր սրբութիւնը մատնանշեց վերանորոգումի ուղիները` աւանդութեան մեծ
ակօսին մէջ: Յովհաննէս ԻԳ Պապի սրբութիւնը հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի վրայ,
որ Խաչի խորհուրդին մէջ կը յայտնէ Հօր ողորմութիւնը, որ իր նախախնամութեամբ կ’առաջնորդէ
պատմութիւնը եւ Սուրբ Հոգւոյ միջոցաւ կը նորոգէ Եկեղեցին եւ աշխարհը: Ռոնքալլիին
համար հաւատալ կը նշանակէ վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ սիրոյն, մշակել սիրալիր բարեկամական
յարաբերութիւն Յիսուսի հետ` կատարեալ հնազանդութեամբ եւ խաղաղութեամբ առաջնորդուելով
Սուրբ Հոգիէն: Յովհաննէս ԻԳ-րդ Պապի կեանքին մէջ սրբութիւնը` կեդրոնացած եղբայրութեան
վրայ եւ լուսաւորուած Աւետարանական Երանութիւններէ, կ’արտայայտուի Աստուծոյ կամքի մնայուն
փնտռտուքով, ամէնօրեայ ողորմութեան գործերով եւ ամէն կերպ նպաստելով բարի կամքի տէր մարդոց
եղբայրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան: Յովհաննէս ԻԳ Պապին համար սրբութիւնը պէտք
չէ ընկերակցուի տարօրինակ եւ բացառիկ երեւոյթներով, այլ մարդկանց հասանելի առատաձեռնութեան,
հանդուրժողութեան եւ ներումի առօրեայ պարզ կեանքով: Անոր սրբութիւնը գործօն սրբութիւն
է, որ կ’արտայայտուի ամէնօրեայ աշխատանքի անվարձայատոյց նուիրումի մէջ: Ինչքերու հաւասարակշիռ
գործածութիւնը, դրամի խնայողաբար եւ չափաւոր մատակարարումը որ կը յատկացնէր կարիքաւորներուն
օգնելու եւ անոր հանդէպ ունեցած իր անտարբերութիւնը կարելի է սրբութեան ակնյայտ վարմունք
մը նկատել: Աղքատներ, աղետեալներ, տարագիրներ, բարեկամներ, եղբայրակիցներ, ամէնքը
անոր մէջ կը գտնէին օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Նեղութիւններն ու հիւանդութիւնները մեծ
համբե-րութեամբ կը կրէր եւ իր առողջութեան կը հետեւէր առանց չափազանց մտահոգուելու:
Ան զօրաւոր կերպով կապուած էր իր ծննդավայրի, մանկութեան բարեպաշտութիւններուն, Եկեղեցւոյ
աւանդութեան եւ վարդապետութեան: Սրբութեան հանդէպ իր ունեցած անձնա-կան մօտեցումը կեդրոնացած
էր Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր Խաչին վրայ: Իր յայտնի օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Պէտք
եմ որդեգրել սուրբերու առաքինութիւններու էութիւնը, ոչ թէ պատահարները: Ես Ս. Լուիջին
չեմ, եւ պէտք չէ ինքզինքս զոհաբերել ճիշտ իրեն նման, այլ` ինչպէս իմ տարբեր անհատականութիւնս
ինծի թոյլ կու տայ: Աստուած կ’ուզէ որ հետեւելով սուրբերու օրինակին իւրացնենք առաքինութիւններու
կենդանարար հիւթը` յարմարցնելով զայն մեր ընդունակութիւններուն եւ հանգամանքներուն: Գիտնալ
մեր մէջէն ոչնչացնել ամէն ինչ որ աշխարհի առջեւ փառք կը համարուի եւ միշտ կուրծքի տակ
կենդանի պահել Աստուծոյ հանդէպ մաքուր սիրոյ կրակը»: Ան մեծ եղած է իր պարզութեամբ
եւ ամնիջականութեամբ, խոնարհութեամբ, քաջութեամբ եւ կորովով: Ան Եկեղեցին կենդանի ներկայացուց
այսօրուայ մարդուն: Մարդիկ ճանչցան անոր ձայնը, ձայնը, որ իրենց կը խօսէր ո՛չ միայն Աստուծոյ
մասին այլ նաեւ եղբայրսիրու-թեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան վերաշինութեան մասին: