2014-04-24 08:55:42

Ինչու՞ Յովհաննէս ԻԳ Սուրբ է


Անճելօ Ռոնքալլին համբերատար էր` ընդունակ յաղթահարելու կեանքի բոլոր զրկանքներն ու փորձութիւնները: Դեռ երիտասարդութեան կ’առաջադրէ միշտ սնուցանել հաւատքը եւ երբեք չձգել որ այն ծերանայ` մնալով միշտ մանուկ Աստուծոյ դիմաց, ինչպէս որ Յիսուս կը սորվեցնէ Աւետարանին մէջ:
Վարդապետ մըն էր` ազատ իր ասպարէզին յաւակնութիւններէ եւ ընդունակ սիրալիր համագործակցութեան: Իբրեւ Եպիսկոպոս եւ հետագային` իբրեւ Քահանայապետ, չափազանց կարեւորութիւն տուած է վարդապետներու մտային հոգեւոր կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ աշարհականներու` մղելով զիրենք պատասխանատու առաքելութեան մը:
Հաւատքը ծաղկեցնելու իր այս մնայուն բաղձանքէն մեկնելով կը նպաստէ Ծիսակատա-տարութեան` հաւատացեալներու գործօն մասնակցութեան: Իր հաւատքը ապրեցաւ ժողո-վրդական բարեպաշտութեան զգայնութեամբ. Ինչպէս Սուրբ Հաղորդութեան պաշտա-մունքը, Յիսուսի Սուրբ Սրտի եւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնները:
Ան միշտ նախընտրած է հաղորդակցիլ պարզ, անմիջական եւ առօրեայ կեանքի վերաբերող պատկերներու միջոցաւ` յաջողելով անմիջապէս թափանցել մարդոց սիրտերը:
Անոր սրբութիւնը մատնանշեց վերանորոգումի ուղիները` աւանդութեան մեծ ակօսին մէջ:
Յովհաննէս ԻԳ Պապի սրբութիւնը հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի վրայ, որ Խաչի խորհուրդին մէջ կը յայտնէ Հօր ողորմութիւնը, որ իր նախախնամութեամբ կ’առաջնորդէ պատմութիւնը եւ Սուրբ Հոգւոյ միջոցաւ կը նորոգէ Եկեղեցին եւ աշխարհը:
Ռոնքալլիին համար հաւատալ կը նշանակէ վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ սիրոյն, մշակել սիրալիր բարեկամական յարաբերութիւն Յիսուսի հետ` կատարեալ հնազանդութեամբ եւ խաղաղութեամբ առաջնորդուելով Սուրբ Հոգիէն:
Յովհաննէս ԻԳ-րդ Պապի կեանքին մէջ սրբութիւնը` կեդրոնացած եղբայրութեան վրայ եւ լուսաւորուած Աւետարանական Երանութիւններէ, կ’արտայայտուի Աստուծոյ կամքի մնայուն փնտռտուքով, ամէնօրեայ ողորմութեան գործերով եւ ամէն կերպ նպաստելով բարի կամքի տէր մարդոց եղբայրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան:
Յովհաննէս ԻԳ Պապին համար սրբութիւնը պէտք չէ ընկերակցուի տարօրինակ եւ բացառիկ երեւոյթներով, այլ մարդկանց հասանելի առատաձեռնութեան, հանդուրժողութեան եւ ներումի առօրեայ պարզ կեանքով: Անոր սրբութիւնը գործօն սրբութիւն է, որ կ’արտայայտուի ամէնօրեայ աշխատանքի անվարձայատոյց նուիրումի մէջ: Ինչքերու հաւասարակշիռ գործածութիւնը, դրամի խնայողաբար եւ չափաւոր մատակարարումը որ կը յատկացնէր կարիքաւորներուն օգնելու եւ անոր հանդէպ ունեցած իր անտարբերութիւնը կարելի է սրբութեան ակնյայտ վարմունք մը նկատել:
Աղքատներ, աղետեալներ, տարագիրներ, բարեկամներ, եղբայրակիցներ, ամէնքը անոր մէջ կը գտնէին օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Նեղութիւններն ու հիւանդութիւնները մեծ համբե-րութեամբ կը կրէր եւ իր առողջութեան կը հետեւէր առանց չափազանց մտահոգուելու:
Ան զօրաւոր կերպով կապուած էր իր ծննդավայրի, մանկութեան բարեպաշտութիւններուն, Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ վարդապետութեան: Սրբութեան հանդէպ իր ունեցած անձնա-կան մօտեցումը կեդրոնացած էր Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր Խաչին վրայ:
Իր յայտնի օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Պէտք եմ որդեգրել սուրբերու առաքինութիւններու էութիւնը, ոչ թէ պատահարները: Ես Ս. Լուիջին չեմ, եւ պէտք չէ ինքզինքս զոհաբերել ճիշտ իրեն նման, այլ` ինչպէս իմ տարբեր անհատականութիւնս ինծի թոյլ կու տայ: Աստուած կ’ուզէ որ հետեւելով սուրբերու օրինակին իւրացնենք առաքինութիւններու կենդանարար հիւթը` յարմարցնելով զայն մեր ընդունակութիւններուն եւ հանգամանքներուն: Գիտնալ մեր մէջէն ոչնչացնել ամէն ինչ որ աշխարհի առջեւ փառք կը համարուի եւ միշտ կուրծքի տակ կենդանի պահել Աստուծոյ հանդէպ մաքուր սիրոյ կրակը»:
Ան մեծ եղած է իր պարզութեամբ եւ ամնիջականութեամբ, խոնարհութեամբ, քաջութեամբ եւ կորովով: Ան Եկեղեցին կենդանի ներկայացուց այսօրուայ մարդուն: Մարդիկ ճանչցան անոր ձայնը, ձայնը, որ իրենց կը խօսէր ո՛չ միայն Աստուծոյ մասին այլ նաեւ եղբայրսիրու-թեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան վերաշինութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.