Չորեքշաբթի 23 ապրիլին աշխարհի տարբեր լրատուական միջոցներ շտապ հաղորդագրութեամբ տարածեցին
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ վերնագրուած է «Ուղերձ` 1915 թուականի
իրադարձութիւններուն հետ կապուած» ձեւակերպումով: Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ Ապրիլ
24-ը Թուրքիոյ հայ հայրենակիցներու եւ աշխարհի բոլոր հայերու համար յատուկ նշանակութիւն
ունեցող օր է: Այս մասին կը յայտնէ yerkir.am-ը։ Յայտարարութեան սկիզբի բաժինէն իսկ
ան ընդհանրացուցած է 1915-ը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր ժողովուրդներու վրայ ազդեցութիւն
ունեցած ահաւոր թուական: Յայտարարութեան մէջ բառացիօրէն կ՛ըսուի «Կը մաղթենք, որ
20-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւններուն ժամանակ զոհուած հայերուն հոգիները խաղաղութեան
մէջ հանգչին, իսկ անոնց թոռներուն կը փոխանցենք մեր ցաւակցութիւնները: Յոյսով եւ հաւատքով,
որ իրար նման սովորութիւններով ու աւանդոյթներով հինաւուրց ժողովուրդները, ովքեր կը պատկանին
բարդ եւ զարմանալի տարածաշրջանի մը, կը կարողանան միասին եւ արժանապատուօրէն յիշել իրենց
անցեալն ու կորուստները»: Երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ Էրտողան կը շարադրէ թրքական
պետութեան արդէն տասնամեակներ շարունակուող ուրացման մօտեցումները, միաժամանակ կը կրկնէ
պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ձեւաւորելու, արխիւները բանալու մասին յայտարարութիւնները:
Ողջ յայտարարութեան մէջ թափանցիկ ակնարկներով կը պնդէ, որ 1915-ին տուժած են ոչ միայն
հայերը, այլեւ տարբեր ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ: Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շրջանին
բազմաթիւ փորձագէտներ կը նշէին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին
Թուրքիան լայնածաւալ գործողութիւններու պիտի դիմէ եւ այս յայտարարութիւնը եւս նոյն ծրագրին
մէջ եղած ըլլալ կը թուի: Յատկանշական մէկ փաստ` յայտարարութիւնը տարածուած է քանի մը
լեզուներով, որոնց մէջ նաեւ` վատ թարգմանուած արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով: