2014-04-24 13:44:18

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքին


RealAudioMP3 Գիրք Ծննդոցի, մարդուն ստեղծագործութեան էջին մէջ, նոյն նախադասու թեան աւարտին, մարդուն բնութիւնը կը յայտնուի. “…արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք” (Գիրք Ծնն.Ա 27), կ՛ըսէ Հին Կտակարանը։ Այո, արու եւ էգ, եւ ոչ իրարանման անձեր, ինչ որ այսօրուան աներեւոյթ ուժերը կը ջանան մտայնութիւնները փոխելով աղաւաղել մարդկային բնութեան օրէնքները ընդունելով միասեռականութիւնը, որպէս բնական երեւոյթ մարդկային բնութեան։
Այս երեք բացատրութիւններէն ետք, դեռ աւելին կարող ենք քննել եւ բացատրել։ Սակայն այնպէս կը թուի մեզի որ գոհանանք Արարչագործութեան աւարտին, Աստուծոյ արտասանած խօսքը առնել, որպէս հիմնաքար ընտանիքի կառոյցին “…Աճեցէք եւ բազմացէք, լեցուցէք երկիրը եւ տիրեցէք անոր…” (Գիրք Ծնն. Ա, 28) ։ Աստուածային օրհնութեամբ պսակուած եւ ամուսնական կեանքի ընտրուած մարդը, պարտականութիւն կը ստանայ կազմելու ընտա նիքը, բազմանալու եւ տէր դառնալու իրեն տրուած աշխարհին։ Աստուծոյ կողմէ այս արտայայտութիւնը բաւարար է, ծնունդ տալու համար ընտանեկան հիմնարկին ։
Ուստի առաջին ընտանիքը կը սկսի Ադամ եւ Եւայի միջոցաւ, որ իրենց միութեամբ պիտի բազմանային ու լեցնէին երկիրը ու տիրէին անոր։ Այո անոնք մնացին մէկ մարմին. ինչպէս Նոր Կտակարանը կը նկարագրէ Մատթէոս Աւետարանիչի բեռնով, երբ փարիսեցիները մօտենալով Քրիստոսի հարցուցին, զինք փորցելու համար. “Կարելի՞ է արդեօք, որեւէ պատ ճառի համար կինը արձակել”, Յիսուս կը պատասխանէ անոնց, երեք հաստատումներով “Չէ՞ք կարդացած որ Արարիչը սկիզբէն արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք…Ուրեմն այլեւս երկու չեն, այլ մէկ մարմին… Ուստի ինչ որ Աստուած միացուց մարդը թող չբաժնէ” (Մատթ.19,1-6)։ Հետեւաբար Յիսուս չհաստատեց միայն ինչ որ Աստուծմէ հիմնուած էր արարչագործութեամբ, այլ շնորհք մը աւելի տուաւ ամուսնական կեանքը ապրելու նոր արժանապատուութեամբ ամուսնութեան Ս. Խորհուրդի մէջ, որ կը պատկերաւորուի Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ միջեւ գոյացած սիրով, ինչպէս կը նկրագրէ Ս. Պօղոս իր նամակին մէջ ուղղուած Եփեսացիներուն “ Դուք այրեր, սիրեցէք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս սիրեց իր եկեղեցին” (Պօղ. Եփես 5,25)։







All the contents on this site are copyrighted ©.