2014-04-23 11:53:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անուան տօնը ''Սուրբ Գէւորգ''։


Չորեքշաբթի 23 ապրիլին, Լատին Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Գէւորգ նահատակի տօնը որ է նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անուակոչութեան տօնը Եորկէ` այսինքն Գէւորգ։
Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը ուզեց յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որ ըլլայ Սուրբ Զատկուայ, ըլլայ իր անուան տօնին առթիւ, շնորհաւորական մաղթանքներ ուղղեցին իրեն։
Ան ըսաւ` ''մարդկայնօրէն անկարելի է որ կարենամ պատասխանել բոլոր անոնց որ բարեմաղթական պատգամներ ուղղեցին ինծի Սուրբ Զատկուայ եւ անուանս տօնին առթիւ։ Ասոր համար սրտանց շնորհակալ եմ մանուկներուն, երիտասարդներուն, ծերերուն, ընտանիքներուն, ժողովրդապետական եւ կրօնական հասարակութիւններուն, ընկերակցութիւններուն եւ շարժումներուն որոնք ինծի սէր ու մօտիկութիւն յայտնեցին։ Բոլորէն կը խնդրեմ որ շարունկեն աղօթել ինծի համար, ու նաեւ Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեանս համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.