2014-04-23 09:43:32

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն ներկայ գտնուելու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստերուն։


Ս. Զատկուան տօնին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ներկայ գտնուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահած պատարագին:
Նախքան պատարագը, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ` ներկայութեամբ Սֆէյր նախկին պատրիարքին:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն ներկայ գտնուելու այսօրուան եւ յաջորդող բոլոր նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստերուն:
Ան շեշտեց նաեւ զէնքը մէկդի դնելու եւ ահաբեկչութեան ու վայրագութեան վերջ տալու եւ երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` յանգելու համար քաղաքական բարեկարգումներու:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին լիբանանցիներուն միասնականութիւն մաղթեց` բարձր գնահատելով Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը:
Ան նշեց, որ Լիբանան լուրջ վտանգներ դիմագրաւած է, սակայն կրցած է պահպանել իր միասնականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց, որ ինք դէմ է պաշտօնավարութիւններու երկարաձգման, որովհետեւ անիկա ժողովրդավարական չէ:
Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ պէտք է ընտրուի որոշ անձնաւորութեան մը կամ թեկնածուի մը կեցուածքներուն հիման վրայ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ մեծագոյն սխալը նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանական նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելն է, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ երկխօսութիւնն ու համախոհութիւնը պոյքոթի ենթարկել:
Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման համոզուած է, որ Լիբանանի մեծագոյն մարտահրաւէրն է շարունակել երթը եւ սահմանադրութեան ճշդած ժամկէտին մէջ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը:
Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն ապահովելու անհրաժեշտ ներկայութիւնը` ընտրել կարենալու համար երկրին յաջորդ նախագահը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային շահերը շատ աւելի բարձր են, քան արտաքին ու անձնական նեղլիկ շահերը:
Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը կարենայ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը եւ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը` նախքան 25 մայիս 2014-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.