Նախագահ Օպաման եւ Նախագահ Հոլլանտ յարգանք պիտի մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ
ծանրակշիռ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ, յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու
դեսպանը, 21 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ «Առաջին Աշխարհամարտ.
դաշնակիցներ, անհատներ, կոտորածներ» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման արարողութեան
ընթացքին: Անոր համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին եւ նախագահ Պարաք Օպաման
քաջատեղեակ են 1915-ի իրադարձութիւններէն: «Նախագահին յայտարարութիւնը խիստ ծանրակշիռ
պիտի ըլլայ, պիտի ճանչցուի 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին փաստը, բայց ես չեմ կրնար անոր
փոխարէն ըսել, թէ ճիշդ ի՛նչ բառեր պիտի օգտագործուին», յայտնած է դեսպանը:
Միւս
կողմէն Ֆրանսայի նախագահին գրասենեակը հաստատած է թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ
ներկայ պիտի գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 99 ամեակին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան,
որ տեղի պիտի ունենայ 24 ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Քանատա հրապարակին վրայ` Կոմիտասի
արձանին առջեւ: Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանսայի հայկական
կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ
«հանրապետութեան նախագահին միջոցով յարգանք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս
միլիոն զոհերու յիշատակին: Ասիկա նշանակալի իրադարձութիւն է, զոր պէտք է գնահատել ըստ
արժանւոյն` նկատի ունենալով Ֆրանսայի միջազգային հեղինակութիւնը», նշած է խորհուրդը: