2014-04-22 12:22:19

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց


RealAudioMP3 Ո՞ւր է ապացոյցը թէ Յիսուս իսկապէս Յարութիւն առաւ:
Յիսուս Քրիստոսի տարած յաղթանակովը մահուան վրայ՝ մեր առջեւ բացուեցաւ յաւիտենական կեանքը: Ան յարութիւն առաւ մեռելներէն: Օրհնեալ է Յարութիւնն Անոր: Մինչ առաքեալներէն ոմանք իրենց վախէն պահուըտած էին, ուրիշներ իրենց գիւղը կը վերադառնային, քանի մը բարեպաշտ կիներ, ինչպէս նաեւ Պետրոս եւ Յովհաննէս, գերեզման գացին եւ հոն քարը թաւալած տեսան եւ գերեզմանը պարապ: Կտաւները հոն էին եւ վարշամակը ծալլուած ու մէկ կողմ դրուած էր, իսկ Յիսուսի մարմինը՝ բացակայ: Բանապաշտ մարդիկը, ուրանալով Քրիստոսի յարութեւան ճշմարտութխնը՝ կը մերժեն մերինը:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» - Քրիստոս անեստի - վկայութիւն մըն է որ կը հռչակենք ամբողջ աշխարհին: Ան յաղթանակի ձայնն է որ կը բացայայտենք: Բայց ինչի՞ վրայ կը հիմնուինք: Առաքեալներուն վկայութիւնը լաւագոյն պատասխանն է որ կը տրուի բոլորիս «եւ մենք վկաներն ենք անոր բոլոր գործերուն՝ Հրեաներուն երկրին մէջ եւ Երուսաղէմ, ուր սպաննեցին զինք խաչին վրայ բեւեռելով: Աստուած անոր յարութխն տուաւ երրորդ օրը եւ իշխանութիւն՝ երեւնալու, անոնց որոնք Աստուած կանխաւ ընտրեց եւ որոնց հետ կերանք ու խմեցինք յարութենէն ետք: Հրամայեց մեզի քարոզել ժողովուրդին եւ վկայել թէ ինքն է Աստուծոյ կողմէ հաստատուած Դատաւորը՝ մեռելներուն եւ ողջերուն» (Գործք 10, 39-42) :
Աւելի յստակ բացատրութիւն կարելի չէ գտնել քան ինչ որ կարդացինք: Այսուհանդերձ, ոմանց համար այս խօսքերը առասպելական կը թուին: Օրինակի համար, երբ կ’ըսենք. «Ո՜վ Քրիստոս, միշտ ողջ ես մեր յիշողութեան մէջ եւ մեր սրտերուն մէջ, եւ քեզի կը խոստանանք շարունակել քու առա-քելութիւնդ եւ ապրիլ քու խօսքերովդ» կ'են-թադրենք թէ բարոյական Յարութիւն մըն է :
Առաքեալները ինչպէ՞ս կը հաստատեն թէ Յիսուս յարութիւն առաւ, երբ ոմանց համար, անոնք ականատես չեղան Յիսուսի գերեզմանէն ելլելուն: Ուրեմն ինչպէ՞ս կ'ըսեն թէ ան յարութիւն առաւ: Ուրիշներ կ'ըսեն թէ Յիսուսի մարմնական յարութիւնը առասպելական պատմութիւն է, վիպուած կարեւորութիւն տալու Յիսուսի անձին եւ զինք պաշտպանելու համար: Արդե՞օք կրնանք Յարութիւնը որպէս առասպել համարել:
Մենք որպէս հաւատացեալներ կարելիութիւնը ունինք պատասխանելու այս հարցին, նկատի ունանելով Պօղոս աոաքեալին խօսքերը. «Ձեզի փոխանցեցի ինչ որ նախ ես ինքս ստացայ. Այսինքն՝ թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար՝ ըստ Սուրբ Գրքին, թաղուեցաւ գերեզմանին մէջ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, դարձեալ ըստ Սուրբ Գրքին: Երեւցաւ Կեփասի, յետոյ տասներկու աոաքեալներուն» (Կող Ա 1 15,3-6) :
Հեթանոսներու եւ Իսրայէլի հաւատարիմներու առջեւ, Հռոմի, Աթէնքի եւ Երուսաղէմի մէջ, նոյն հռչակումը կը թնդայ, միեւնոյն եզրակացութեամբ. ամէն անձ որ կը հաւատայ Յիսուսի կը ստանայ իրմէ մեղքերու քաւութիւնը: Քրիստոնէութեան առաջին Զատիկէն ի վեր՝ Աւետիսը, ուղղուած ամբողջ մարդկութեան, կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ ամէն ազգերուն մէջ:
Եկեղեցին իրմով կ'ապրի եւ զայն կը վկայ է, այսօր ինչպէս երէկ, առանց բարեփոխելու անոր բովանադակութիւնը, հաւատարիմ մնալու համար Աստուծոյ եւ իր Փառքին, իքնզինքին եւ բազմութեան՝ կոչուած ապրելու Յիսուսով եւ իր մէջ :
Եկեղեցին չի կրնար լռելեայն պահել Սէրը որ իրեն շնորհուեցաւ եւ որ ամէն աշխարհը կ'ընդգրկէ :
Ներկայի եւ անցեալի մարդոց, մեր ազգակիցներուն եւ օտար ազգերուն, հարուստներուն ինչպէս նաեւ աղքատներուն, Եկեղեցին չի դադրիր ըսելէ. «Աստուած իսկապէս Յիսուսի հետն էր: Զինքը Սուրբ Հոգիով օծեց եւ իր ուժով լեցուց. երբ Յիսուս կանցնէր ժողովուրդին լաւութիւն ընելով կամ բուժելով բոլոր անոնք որոնք կը գտնուէին Սատանային իշխանութեան տակ: Իրմով կը ստանանք մեր մեղքերուն քաւութիւնը եւ մեր պատմութեան նշանակութիւնը: Որ է Աստուծոյ միակ Որդին, մենք ալ կը հանդիսանանք Աստուծոյ որդիները, այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան: Եւ երբ ան յայտնուի, մենք ալ յարութիւն պիտի առնենք եւ պիտի երեւնանք իր հետ մեծ փառքով: Ալէլուիա:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատարեան







All the contents on this site are copyrighted ©.