2014-04-22 12:01:49

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի սրբադասումը


Ինչու՞ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ է

Սուրբ Պօղոս՝ Հռոմէացիներու ուղղած մէկ թուղթին մէջ կը յիշեցնէ որ մենք մկրտեալներս, որ մեր մէջ կը կրենք սրբութեան սերմերը, կանչուած ենք սրբութեան եւ պատասխանատուութիւնը ունինք Տիրոջմէ՝ մեզի յանձնուած այդ Շնորհքին խնամքով պահպանութեան… Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ-րդ Պապը 1997-ին` Կարոլինայի երանացումին պատարագի քարոզին, կ’աւելցնէ. «Սուրբի մը հետ հանդիպումը մեր մէջ կը յառաջացնէ ամօթի եւ յոյսի զգացումներ»:
Ամօթ՝ սրբութեան եւ մեր իրական կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցած անհամեմատելի հեռաւորութեան իմաստով: Յոյս՝ որովհետեւ սուրբերու մէջ չէ եղած մէկը որ անհամապատասխանութեան փորձառութիւնը ունեցած չ’ըլլայ եւ պայքարած չ’ըլլայ իր խեղճութիւններուն դէմ՝ ապաւինելով Աստուծոյ Շնորհքին:
Սրբութիւնը՝ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, բայց է նաեւ մարդու պարտականութիւնը ձգտիլ առ այդ: Գործնական կեանքի մէջ ինքզինքնիս յաղթահարելու դժուարութիւնը, բարիին մէջ յարատեւելը եւ ամէնօրեայ ուժն ու կորովը Քրիստոսի մէջ վերագտնելը կ’արտայայտուին առաքինութիւններու գործածութեան մէջ: Սրբութեան ամէն պատկեր առաքինութիւններու խճանկար մ’է… Հաւատքի, յոյսի, եղբայրսիրութեան, արդարութեան, ողջախոհութեան, խոնարհութեան եւ հնազանդութեան միախառնում մըն է:
Երանացման եւ կանոնական սրբադասման ընթացքը մարդս բացայայտելու փորձ մըն է, մարդը՝ որ կը հանդիսանայ Աստուծոյ կոչին միակ հասցէատէրը, որ ընդունելով Անոր Շնորհքը՝ կրցած է կտրուկ պատասխան տալ համապատասպան ժամանակի մարտահրաւէրներու:
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը «Աղօթքի Մարդ» էր: Կատարելութեան ձգտումը իր մեջ այնքան զօրաւոր էր, որ հոգին միշտ արթուն կը պահէր յարատեւ աղօթքով եւ Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեամբ: Սուրբ Հաղորդութիւնը անոր կեանքի կեդրոնը կը կազմէր: Աստուածային օգնութեան եւ Երանելի Կոյս Մարիամի մայրական պաշտպանութեան հանդէպ ունեցած խոր հաւատքը բացառիկ ուժ կը հանդիսանան կեանքի դժուարին պարագաներուն, ինչպէս օրինակ 1981-ի եղերական ոճիրը եւ հիւանդութեան յառաջանալուն դառնութիւնը:
Իր Հովուական ճամբորդութիւններու, շրջաբերականներու, քարոզներու ընդմէջէն կ’արտացոլար հաւատքի մարդ ըլլալը, հոգիներու փրկութեան հանդէպ ունեցած եռանդը եւ Քրիստոս՝ մարդկութեան իբրեւ միակ փրկիչ՝ ամբողջ աշխարհի ճանչցնելու բաղձանքը:
Սուրբ Հոգւոյ հանդէպ իր տածած բնական պաշտամունքը, անխորտակելի եւ գերբնական յոյսը զինք պատրաստեցին նոր աշխարհահայեացքի: Բարոյական բազմաթիւ տառապանքներու եւ ֆիզիքական հիւանդութեան ընթացքին կու գայ աւետելու մարդկային տառապանքի գինը եւ անոր փրկարար արժէքը` միացած Քրիստոսի Խաչի խորհուրդին:
Նեցուկ եղաւ բռնատիրական վարչաձեւերու կողմէ ճնշուած ժողովուրդներու ազատութեան տենչին` հաստատելով իւրաքանչիւր մարդ էակի անբռնաբարելի արժէքը: Զօրացուց համամիութենական երկխօսութիւնը` փնտռելով միութիւն եւ խաղաղութիւն` բաժնուած եղբայրներու ամբողջական հաղորդակցութեան կենդանի յոյսի հեռանկարով: Բացառիկ վստահութիւն ցուցաբերեց մանաւանդ երիտասարդներուն` միշտ զանոնք համարելով «Վաղուայ Եկեղեցւոյ» յոյսը:
Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած սէրը կ’արտայայտուէր թէ՛ Անոր հետ ունեցած յարատեւ մտերմիկ երկխօսութեամբ, թէ՛ մարդոց մուտքը դէպի երկինք դիւրնցնելու վառ փափաքով: Ողորմութեան գործերու բարի սովորութիւնը երբեք ձեռքէ չթողուց: Հոգաց կարիքաւորներուն, բաժնեկից եղաւ տառապեալներուն` իր անձնական դրամը յատկացնելով: Կրթեց, խրատեց, սրտով բեկեալները մխիթարեց, մահափորձ ընողին եւ զինք վիրաւորողներուն շնորհեց իր ներումը: Միշտ յարգալից կերպով հաղորդակցեցաւ ամէնուն հետ` խուսափելով ամէն չարախօսութենէ:
Իր հրահանգուած խոհեմութեան աղբիւրը եղաւ Քրիստոսի հետ ունեցած հաղորդակցութիւնը` մանաւանդ երկարատեւ աղօթքներու ընթացքին: Քրիստոսի հետ ունեցած նոյն սերտ միւթիւնը զինք առաջնորդեց Հօր Աստուծոյ` արդարութեան ակնաղբիւրին:







All the contents on this site are copyrighted ©.