2014-04-22 10:51:33

'Անհամբեր կը սպասեմ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ' կը յայտնէ Բարթողոմէոս Ա


Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք` գերերջանիկ Բարթողոմէոս Ա. իտալական ՍԻՐ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին իր ցնծութիւնը ու անհամբերութիւնը յայտնած է` Երուսաղէմի մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպելու ։
Զեկոյցին ընթացքին Պատրիարքը մատնանշած է որ այսօր աւելի քան երբեք հարկաւորութիւնը կը զգացուի հաշտութեան եւ համամիութեան։ ''Յառաջիկայ հանդիպումս մեր եղբօր` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ Երուսաղէմի մէջ շատ նշանակալից եւ շատ արդիւնաբեր պիտի ըլլայ։ Բազմաթիւ են այսօրուան հարցերը որ շտապ ու միացեալ պատասխաններու կը կարօտին երկու եկեղեցիներու կողմէ'', մատնանշած է Պատրիարքը թուելով մարդոց տառապանքը երկրագունդին մէջ, կրօնքի շահագործումը քաղաքական նպատակներու համար, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքը, բնապահպանութիւնը ... ''Այս ամէնը կը պահանջէ միացեալ կամք մը եւ այդ պատճառաւ հաշտութիւնը յոյժ հարկաւոր է'' ընդգծած է Բարթողոմէոս Ա, իր խոր համոզումը յայտնելով ''որ եկեղեցապետերուն պարտականութիւնն է վճռակամ աշխատին բաժնուած քրիստոնեաներու հաշտութեան ի խնդիր ու համապատասխանել ժամանակակից մարդոց ակնկալութիւններուն։
''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ճշմարիտ ռահվիրան մըն է անկեղծ ու անձնուէր, հետամուտ Եկեղեցւոյ միութեան ու ժամանակակից աշխարհի տառապանքին ամոգումին'' ըսած է Բարթողոմէոս Պատրիարքը ու ապա մատնանշելով վերջին 50 տարիներու եկեղեցիներու երկխօսութեան մասին հաստատած է ''թէեւ այս 50 տարիները եղան խոչընդոտներով լեցուն, սակայն անպակաս եղաւ յարգանքն ու սէրը։ Հարկաւոր է միութեան ճամբու վրայ ընթանալ''։
Նշենք, որ երկու եկեղեցապետերը 25 եւ 26 մայիսին, իրարու պիտի հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, վերակոչելու Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս պատրիարքի պատմական հանդիպումը, որ տեղի ունեցած էր Սուրբ Քաղաքին մէջ յիսուն տարիներ առաջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.