2014-04-20 10:34:51

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։


« Ի ն չ ո ՞ ւ ո ղ ջ ը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ:» Ղուկաս 24.5-6

Կիրակի, 20 ապրիլ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,15-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր զոհը, որուն աւարտին Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, արտասանեց Զատկական պատգամը եւ Հռոմ քաղաքի ու երկարգունդին ուղղեց ''Ուրպի Էդ Օրպի'' օրհնութիւնը։
Պատգամի աւարտին Սրբազան Հայրը ողջունեց ս. Պետրոսի հրապարակը գտնուող հազարաւոր հաւատացեալները որ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած են Հռոմ։ Նորին Սրբութիւնը Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ մաղթեց, ու այդ մաղթանքները փոխանցեց նաեւ բոլոր անոնց որ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կը հետեւին տօնախմբութեան։
Ձեր ընտանիքներուն ու ձեր հասարակութիւններուն տարէք այն աւետիսը թէ ''Քրիստոս մեր խաղաղութիւնը ու մեր յոյսը Յարութիւն առաւ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց աղօթքին եւ իրենց հաւատքի վկայութեան համար։ Յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը զարդարող ծաղիկները նուիրող Հոլանտայի հանրապետութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.