2014-04-20 11:13:02

Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը, Ուքրանիոյ տագնապը եւ Սուրիոյ ու Ափրիկէի պատերազմը եղան Վերապատուելի Օլավ Թվէյթի Զատկուայ պատգամի գլխաւոր նիւթերը։


Սուրբ Զատկուայ առթիւ յղած իր պատգամին մէջ Եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդի քարտուղար` Վերապատուելի Օլավ Թվէյթ կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները ''Յարութիւնը վկայել միասնականութեամբ'', յատկապէս այս դժուար պահերուն որ յատկանշուած են բռնութիւններով, ինչպէս Ուրքանիոյ մէջ, Ափրիկէի մէջ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։
Մատնանշելով այս տարուայ Սուրբ Զատիկի տօնախմբութիւնը նոյն թուականին տօնելու զուգադիպութեան, ըլլայ Արեւելեան ըլլայ Արեւմտեան եկեղեցիներուն մէջ, Վերապատուելի Օլավ Թվէյթ մաղթանք կը յայտնէ` յառաջիկային քրիստոնէութեան այս կարեւորագոյն տօնը նշել ''միասնականութեաբ'', ի շահ ''քրիստոնեաներու միութեան''։ Ան ապա կը հաստատէ թէ ''Եկեղեցիները բաժանումի վկայութիւն կու տան այս ծիսակատարութիւնը տօնախմբելով տարբեր թուականներու մէջ'' ու այս ի վնաս աւետարանի վկայութեան։ Եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդի քարտուղարը իր աղօթքը ու մօտիկութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի, Ուքրանիոյ, Նիճերիոյ եւ Կեդրոնական Ափրիկէի տառապող քրիստոնեաներուն ու բնակչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.