2014-04-19 10:38:35

''Չարը չէ որ վերջին խօսքը պիտի ունենայ, այլ Սէրը, ողորմութիւնն ու ներումը''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Քոլլոսէումի մէջ գլխաւորած Ճանապարհ Խաչի արարողութեան աւարտին։


Ուրբաթ, ապրիլ 18ի գիշերուայ ժամը 9,15 ին, աւագ ուրբաթ օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի աշխարհածանօթ ՝՝Քոլլոսէում՝՝ ամփիթատրոնի տարածքին, նախագահեց Ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական յուզիչ արարողութիւնը, որուն աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ` ''Աստուած Յիսուսի Խաչին վրայ դրաւ մեր մեղքերուն բոլոր ծանրութիւնը, բոլոր անարդարութիւնները որ ամէն մէկ Կայէն կը գործէ իր եղբօր դէմ, Յուդայի եւ Պետրոսի ուրացումի եւ դաւաճանութեան դառնութիւնը, հզօրներուն բոլոր ունայնութիւնը եւ կեղծ բարեկամներու ամբարտաւանութիւնը։ Ծանր խաչ մըն էր, նման իրենց բախտին լքուած մարդոց խաւարին, ծանր` նման սիրելի անձերու մահուան, ծանր` որովհետեւ իր մէջ կը ներփակէ չարին բոլոր նենգութիւնը։ Սակայն այդ է նաեւ Փառաւոր Խաչ մը` նման երկա՜ր գիշերուայ մը արշալոյսին, որովհետեւ ամէն բանի մէջ կր ներկայացնէ Աստուծոյ սէրը որ աւելի մեծ է մեր դաւաճանութիւններէն ու անօրէնութիւններէն։ Խաչին մէջ կը տեսնենք մարդուն անհեթեթութիւնը երբ չարը կ՛առաջնորդէ անոր քայլերը, սակայն կը տեսնենք նաեւ Աստուծոյ ողորմութեան անսահմանութիւնը որ մեզի հետ կը վերաբերուի ոչ թէ մեր մեղքերուն համաձայն այլ իր ողորմութեամբ։ Յիսուսի Խաչին դիմաց կը տեսնենք թէ որքանով սիրուած ենք` անհունօրէն, Խաչին առջեւ մենք զաւակներ ենք եւ ոչ թէ իրեր – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա արտասանեց Սուրբ Գրիգոր Նացիանցիի աղօթքը որուն մէջ ի մէջ այլոց կ՛ըսէ ''Ով Յիսուս առաջնորդէ մեզ Խաչէն դէպի Յարութիւն, ու մեզի սորվեցուր թէ չարը չէ որ վերջին խօսքը պիտի ունենայ այլ Սէրը, ողորմութիւնն ու ներումը։ Ով Քրիստոս, օգնէ մեզի դարձեալ բացագանչելու` ''Երէկ Քրիստոսի հետ խաչուած էի, այսօր Անոր հետ կը փառաւորուիմ։ Երէկ իր հետ մեռած էի, այսօր կ՛ապրիմ Անոր հետ, երէկ հետը թաղուած էի, այսօր Անոր հետ Յարութիւն արի։''
Այս խօսքերէն ետք Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները յիշելու հիւանդները ու իրենց բախտին լքուած բոլոր մարդիկը որ կ՛ապրին Խաչին բեռին տակ, որպէսզի Խաչի այս փորձառութենէն գտնեն Յոյսի ուժը, Յարութեան եւ Աստուծոյ սիրոյ Յոյսը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.